ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի օգնական Տէնիըլ Ֆրիտ «Ազատութիւն» կայանի ատրպեճանական բաժինին տուած հարցազրոյցին մէջ համոզում յայտնեց, որ պատերազմը կործանարար կ’ըլլայ Ատրպէյճանի ապագային համար:
Պատասխանելով հարցումի մը, թէ արդեօ՞ք հիմա ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծումին հասնելու յոյսը աւելի նուազ է, եւ արդեօ՞ք երկու երկիրներու նախագահները չկորսնցուցին հնարաւորութիւնը, քանի որ երկու երկիրներուն մէջ արդէն նախընտրական գործընթացներ կը սկսին, Ֆրիտ պատասխանեց ըսելով. «Ես չեմ ուզում քննադատել, բայց, կարծում եմ, բոլորս հիասթափուած ենք: Վերջին հանդիպումը արդիւնք չտուեց՝ արդիւնք, ինչը մենք ակնկալում էինք: Լաւ բանակցութիւններ, ես կ’ասէի’ լաւ երկխօսութիւն էր ընթանում, որոշ առաջընթաց էր արձանագրուել»:
Ամերիկացի դիւանագէտը յոյս յայտնեց, որ «ինչ-որ կէտում երկու երկրների ղեկավարները ճանապարհ կը գտնեն առաջ շարժուելու համար: Ի վերջոյ, սա բխում է իւրաքանչիւրի շահերից», եւ աւելցուց. «Ատրպէյճանի ապագան մշուշոտ կը լինի, քանի դեռ այս հարցը լուծուած չէ»:
Ֆրիտ համոզում յայտնեց, որ ղարաբաղեան խնդիրը կրնայ լուծուիլ միայն խաղաղ միջոցներով. «Պատերազմը կը կործանի Ատրպէյճանի ապագան եւ ոչ ոքի լաւ բան չի տայ: Խաղաղ կարգաւորումն է այն ճանապարհը, որով պէտք է առաջ շարժուել: Մենք այսքան ճանապարհ ենք անցել եւ, յուսով եմ, կը հասնենք խնդրի լուծմանը», ամփոփեց Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի օգնականը: