ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի պետական համալսարանին մէջ Յուլիս 11ին պարգեւատրուեցան հանրակրթական դպրոցներէն ոսկի մետալի արժանացած 55 շրջանաւարտները:
ԱԺ կրթութեան, գիտութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Հրանուշ Յակոբեան, շնորհաւորելով մետալակիրները, վստահութիւն յայտնեց, որ անոնք անպայման կ’ունենան յաջողութիւններ ընդունելութեան քննութիւններու ժամանակ եւ կը կարողանան ընդունուիլ իրենց իսկ նախընտրած մասնագիտութիւններու բաժանմունքները. «Թող այս պարգեւը սկիզբ դառնայ այն նոր գործերի համար, որոնք կը ձեռնարկուեն այս շնորհալի 55 մետալակիրների կողմից», ըսաւ ան:
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան իր խօսքին մէջ կարեւոր համարեց այս երիտասարդներու համարձակութիւնը, որոնք միասնական կարգով քննութիւն տուին հայոց լեզու, գրականութիւն նիւթէն եւ յաջողութեամբ յաղթահարեցին ոչ միայն հայերէնի, այլեւ գրականութեան առաջադրանքները. «Այս մետալակիրները պէտք է նաեւ ուժ տան Հայաստանում կրթութեան եւ գիտութեան զարգացմանը, դառնան մեծանուն գիտնականներ, մասնակցեն արտասահմանեան բազմաթիւ գիտաժողովների ու խորհրդաժողովների՝ ներկայացնելով մեր երկրի կրթական եւ գիտական հատուածի մակարդակը», նշեց նախարարը:
Մետալակիրները շնորհաւորեցին նաեւ ԿԳ փոխնախարար Բագրատ Եսայեան, Երեւանի պետական համալսարանի տնօրէն Արամ Սիմոնեան, ԵՊՀ տարբեր բաժանմունքներու տնօրէններ:
Նշենք, որ 55 մետալակիրներէն 12ը Երեւանէն են, Կոտայքէն եւ Արագածոտնէն՝ եօթական հոգի: Շիրակը եւ Սիւնիքն այս տարի ունին վեցական ոսկէ մետալակիրներ, իսկ Գեղարքունիքը եւ Տաւուշը՝ հինգական: Ամենաքիչը Վայոց ձորի եւ Արմաւիրի մարզերէն են՝ մէկական: