ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.».- Ռուսիոյ ազդեցութեան դէմ դնելու եւ Արեւմուտքի հետ աւելի մտերիմ յարաբերութիւններ մշակելու գաղափարով խանդավառ նախկին խորհրդային երկիրներու հանդիպում մը Երեքշաբթի, Յունիս 19ին սկսաւ Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ։
ՎՈւԱՄի մաս կը կազմեն Վրաստան, Ուքրանիա, Ատրպէյճան ու Մոլտովա, որոնք անցեալ տարուան ընթացքին Ռուսիոյ հետ տարակարծութիւններ ունեցած են։
Տարակարծութիւններուն աղբիւր հանդիսացած են ռուսական կազի գինին բարձրացումը եւ ռուսական իշխանութիւններուն կողմէ վրացական եւ մոլտովական արտադրութեանց ներածման դէմ արգելքը։
Կազմակերպութեան անդամ երկիրները կ’ուզեն տնտեսական համագործակցութիւնը սերտացնել։ Տնտեսական գործակցութեան մէջ կարելի է նշել քարիւղատար եւ կազատար խողովակներու ծրագիրը, որ քարիւղ եւ կազ պիտի փոխադրէ դէպի արեւմտեան շուկաներ՝ շրջանցելով Ռուսիան։
Կազմակերպութեան անդամ չորս երկիրներէն երեքը նաեւ կը դիմագրաւեն հողային ամբողջականութեան երկարատեւ հարցեր։
Ժողովին ընթացքին պիտի քննուի միացեալ խաղաղապահ ուժեր ստեղծելու կարելիութիւնը, որպէսզի զանոնք կարելի ըլլայ տեղադրել անդամ երկիրներու տագնապալից շրջաններուն մէջ։
ՎՈւԱՄ ինքզինք կը կոչէ ժողովրդավարութեան եւ տնտեսական զարգացման կազմակերպութիւն, սակայն անոր անդամ չորս երկիրներուն մէջ ժողովրդավարութեան եւ տնտեսական մակարդակի մեծ տարբերութիւններ գոյութիւն ունին:
Նկարին մէջ, ձախէն աջ՝ Մոլտովայի վարչապետ Վասիլ Թարլեւ, Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եուշչենքօ, Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշւիլի եւ Ատրպէյճանի անոր պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւ: