
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով անխուսափելի նկատեց Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ Մայիսին տեղի ունեցան խտացեալ բանակցութիւններ՝ ներկայացնելով հանդիպումները եւ նշելով, որ այս ամիս, Ուաշինկթընի մէջ եւս տեղի պիտի ունենայ տեսակցութիւն մը:
Պայրամով յայտնեց, որ Մայիսին տեղի ունեցած բանակցութիւններու օրակարգի կէտերէն մէկը եղած է Ապրիլին Հայաստանի մէջ ձերբակալուած ատրպէյճանցի զինուորներուն ճակատագիրը:
Ըստ անոր՝ Ատրպէյճան հանդէս եկած է Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքելու նախաձեռնութեամբ՝ հիմնուած միջազգային իրաւունքին համահունչ 5 հիմնական սկզբունքներու վրայ: »Խաղաղութիւնը անխուսափելի է, յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագիր մը պէտք է ստորագրոի«, շեշտեց Պայրամով՝ աւելցնելով, սակայն, որ խաղաղութեան համաձայնագիրին մէջ կան կէտեր, որոնք համադրուած չեն կողմերուն միջեւ, առ այդ բանակցութիւնները կը շարունակուին:
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան իր կարգին անդրադարձաւ հանդիպումին եւ դրական նկատեց Քիշինեւի հնգակողմ հանդիպումը՝ զայն նկատելով լաւ կարելիութիւն խաղաղութեան օրակարգը յառաջ մղելու:
«Միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը խաղաղութեան օրակարգին շատ կարեւոր է, եւ մենք շատ դրական ենք գնահատում այդ հանդիպումը: Օրակարգային բոլոր հարցերին անդրադարձ է եղել՝ ապաշրջափակում, սահմանների դելիմիտացիա եւ դէմարկացիա (սահմանազատում եւ սահմանագծում), Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորում: Մեր շեշտադրումներն այն են, որ պէտք է միջազգային մեխանիզմ (գործիքակազմ) ստեղծուի եւ Ստեփանակերտն ու Բաքուն քննարկեն անվտանգութիւնն ու իրաւունքները: Հումանիտար (մարդասիրական) հարցերին եւս անդրադարձ կատարուել է, ինչը շատ կարեւոր է, որպէսզի կարողանանք հումանիտար (մարդասիրական) հարցերին լուծում գտնել«, ըսաւ Գրիգորեան՝ աւելցնելով. »Բանակցութիւնների ինտենսիւութիւնը պահելու դէպքում հնարաւորութիւն կայ, որ մինչեւ տարեվերջ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը կարող է ստորագրուել»։
Գրիգորեան ըսաւ, որ Հայաստան տրամադրուած է, որ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ տեղի ունենայ: