Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտարարեց, որ Պաքու Երեւանէն կը պահանջէ չմեծցնել ռազմական ներուժը եւ լուծարել Արցախի պետական կառոյցները:
«Հայաստանէն կը պահանջենք դադրիլ ռազմական ներուժը աւելցնելէ, ձեռնպահ մնալ վրէժխնդրական ծրագիրներէ, չխախտել եւ կասկածի տակ չդնել Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը, դադրեցնել անջատողականութեան եւ ահաբեկչութեան հովանաւորութիւնը Ատրպէյճանի Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ: Կը պահանջենք նաեւ անյապաղ դուրս բերել հայ զինուորականները, լուծարել Հայաստանին ենթակայ խամաճիկ վարչակազմի ռազմական եւ այսպէս կոչուած «կառավարական» կառոյցները, զինաթափել Ատրպէյճանի տարածքին մէջ անօրինական կերպով տեղակայուած հայկական բոլոր զինուած ուժերը», կը յայտարարէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ աւելցնելով, որ «այդ պարագային ապօրինի վարչակազմի, այսպէս կոչուած, «ներկայացուցիչներուն» նկատմամբ կրնայ համաներում կիրարկուիլ:
Ըստ նոյն նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան՝ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ այդ երկրին մօտ հաւատարմագրուած դիւանագէտներու եւ Ալիեւի վարչակազմի, որոնց կարգին՝ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ներկայացուցիչներուն եւ արտաքին գործոց փոխնախարարին միջեւ:
Հանդիպման արդիւնքներուն վերաբերեալ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ ատրպէյճանցի պաշտօնեաները օտարերկրեայ դիւանագէտներուն դժգոհեցան հայկական կողմի «ապակառուցողական քայլերէն», մարդասիրական ճգնաժամը «քաղաքականացնելու» փորձերէն՝ անգամ մը եւս յայտարարելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման մասին պնդումները իրականութեան չեն համապատասխաներ:
Հաղորդագրութեան մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ նախորդ շաբաթ տեղի ունեցած լսումներուն, զորս ատրպէյճանցի պաշտօնեաները «բեմադրութիւն» նկատեցին: «Կը ցաւինք, որ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը միացած է միակողմանի հակաատրպէյճանական յայտարարութիւններուն», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ: