ԹԻՖԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան, Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշւիլի ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Չորեքշաբթի, Փետրուար 7ին Թիֆլիսի մէջ ստորագրեցին Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղագիծին կառուցման համաձայնագիրը։
Այս ծրագիրը պիտի իրականանայ երկու տարիէն ու պիտի արժէ 420 միլիոն տոլար։ Երեք երկիրները կը յուսան զայն դարձնել նոր Մետաքսի ճամբայ մը, որ Եւրոպան պիտի կապէ Միջին Ասիոյ երկիրներուն։ Այս մեծ ծրագրին մայր նպատակներէն մէկն էր մեկուսացնել Հայաստանը, որու իշխանութիւնները բազմաթիւ առիթներով «յիշեցուցին», որ արդէն գոյութիւն ունեցող եւ Հայաստանէն անցնող երկաթուղին պէտք է օգտագործել եւ ոչ թէ նոր ու բազմածախս ուղեգիծ մը կառուցել:
Սակայն Հայաստանի առարկութիւնները անտեսուեցան, որովհետեւ Ատրպէյճան ու Թուրքիա կ՚ուզէին Հայաստանը մեկուսացնել մասնաւորաբար Ղարաբաղի տագնապին պատճառով:
Թրքական մամուլը կը պնդէ, թէ Չորեքշաբթի օր ստորագրուած համաձայնագիրը պիտի ամբողջացնէ Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղատար խողովակին ու Պաքու-Թիֆլիս-Էրզրում կազատարին ստեղծած գործակցութիւնը։
Վրաստանի նախագահը «անկիւնադարձային» որակեց համաձայնութիւնը:
Ծրագրին իրականացման համար Վրաստան 29 քլմ. երկայնքով նոր երկաթուղագիծ պիտի կառուցէ եւ պիտի նորոգէ 183 քլմ. երկաթուղագիծ, մինչ Թուրքիայէն անցնող հատուածը (76 քլմ.) ամբողջութեամբ նոր պիտի ըլլայ:
Վերոյիշեալ երեք երկիրներու ղեկավարները Չորեքշաբթի օր նաեւ բացումը կատարեցին Թիֆլիսի մէջ թրքական ընկերութեանց կողմէ կառուցուած միջազգային նոր օդակայանի մը: