Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, արձագանգելով Հայաստանի տարածքին մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան (EUMA) կազմութեան՝ յայտարարութեան մը միջոցաւ յայտնեց, որ՝ «Եւրոպական Միութեան առաքելութեան առկայութիւնը պէտք չէ օգտագործուի` վտանգելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, ներառեալ՝ սահմաններու սահմանազատման գործընթացը, որ պէտք է իրականացուի երկկողմ հիմքերով»:
Նշելով, որ «Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներուն հետ տարբեր մակարդակներու վրայ տեղի ունեցած շարք մը խորհրդակցութիւններու ընթացքին Ատրպէյճան յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ պէտք չէ պատրուակ ծառայէ Երեւանի համար` խուսափելու իր պարտաւորութիւններու կատարումէն», Ադրբեջանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց, որ «Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ներկայութեան չարաշահումը վտանգաւոր է գոյութիւն ունեցող երկխօսութեան գործիքակազմերուն համար, եւ անկէ պէտք է խուսափիլ»:
«Ատրպէյճան կ՛ակնկալէ, որ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան մեկնարկը քննարկելու ընթացքին առաւելագոյն ուշադրութիւն կը դարձուի անցեալի փորձառութենէն անհրաժեշտ դասեր քաղելու», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Ըստ Պաքուի՝ EUMA-ի տեղակայումը պէտք է ապահովուի համապատասխան ձեւով` «նկատի ունենալով Ատրպէյճանի օրինական շահերը` այս առաքելութեան գործունէութեան իրականացումը պէտք չէ վտագէ փոխադարձ վստահութիւնը»:
Ընդգծելով, որ 6 Հոկտեմբեր 2022ին, Փրակի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Ատրպէյճան համաձայնեցաւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան տեղակայման՝ յուսալով, որ անիկա պիտի օգնէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց սակայն, որ «դիտորդական առաքելութեան գործունէութեան մէջ կան լուրջ շեղումներ՝ Փրակի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններէն` Եւրոպական Միութեան որոշ անդամ երկիրներու կողմնակալ մօտեցման պատճառով»: