Գերմանական ZDF հրատարակութեան հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտնեց, թէ Ատրպէյճան յոյս ունի, որ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ը կը բացուի։
«Մենք յոյս ունինք, որ Հայաստան կը կատարէ իր պարտաւորութիւնները: 2020ի եռակողմ համաձայնագիրով, Հայաստան համաձայնեցաւ ատրպէյճանցիներուն ապահովել՝ Ատրպէյճանէն Նախիջեւան անխոչընդոտ մուտք: Բայց մինչեւ օրս Հայաստան չէ կատարած իր պարտաւորութիւնները», յայտնեց ան։
Լրագրողը նաեւ հետաքրքրուեցաւ, որ արդեօք Ատրպէյճան կը քննարկէ՞ Հայաստանին ռազմական հարուած հասցնելու տարբերակը:
«Ո՛չ: Մեզի համար որեւէ ռազմական գործողութիւն աւարտած է, որովհետեւ Ատրպէյճան վերականգնած է իր տարածքային ամբողջականութիւնը: Ատրպէյճան գործեց միայն Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ: Ատրպէյճան կը գործէ ՄԱԿի կանոնադրութեան համաձայն. 51րդ յօդուածը կը նախատեսէ ինքնապաշտպանութեան եւ անով իսկ Ատրպէյճանի տարածքի վերականգնման իրաւունքը: Պէտք չէ ըլլան երկակի չափանիշեր եւ ընտրովի վերաբերում տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ», ըսաւ Հաճիեւ:
Ան նաեւ անդրադարձաւ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան, որ Հայաստանի հարաւային շրջանները «ատրպէյճանական են»։
«Նախագահը այդպէս չէ ըսած, եւ ես կ՛ափսոսամ, որ անիկա սխալ մեկնաբանուած է միջազգային լրատուամիջոցներուն մէջ: Սկզբնական բնագիրին մէջ ան այլ բան նկատի ունէր: Ատրպէյճանցիները երկար ժամանակ ապրած են ներկայի Հայաստանի տարածքին մէջ: Իմ նախնիները ապրած են Հայաստանի մէջ: Խօսքը միջանձնական կապերու մասին է: Ատրպէյճանցիները նոյնպէս պէտք է իրաւունք ունենան այցելելու այդ տարածքը, օրինակ` մշակութային վայրեր եւ գերեզմանատուներ: Ասիկա չի նշանակեր տարածքային պահանջներ Հայաստանի նկատմամբ», յայտնեց Հաճիեւ: