«Ատրպէյճան արդէն քայլերու կը ձեռնարկէ իր տարածքին մէջ ապրող հայ բնակիչները վերահամարկելու ուղղութեամբ», յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը։
«Ատրպէյճան երկխօսութեան մէջ է հայ բնակիչներուն հետ եւ իբրեւ բարի կամքի քայլ առաջարկեց յաջորդ հանդիպումը իրականացնել Պաքուի մէջ։ Հայկական կողմը, ընդհակառակը, բոլորովին մերժեց Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնքի երկխօսութեան առաջարկը: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ Հայաստան շահագրգռուած չէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեամբ եւ կայունութեամբ ու կը վարէ կեղծաւոր քաղաքականութիւն», յայտարարեց ան` իբրեւ պատասխան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան նախօրէին հրապարակած յայտարարութեան: