Անկախութեան հռչակագիրէն բացի, Պաքու հարցեր կը տեսնէ նաեւ Հայաստանի ընդունած այլ փաստաթուղթերու մէջ։ «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Իլհամ Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էլչին Ամիրպեկով:
Ան թղթակից Ճոշ Քուչերայի հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ այդ հարցերը բազաթիւ անգամներ բարձրացուած են հայկական կողմին հետ կապերու ընթացքին։
Իբրեւ օրինակ՝ ան յիշեց այն վերապահութիւնները, զորս Հայաստանի խորհրդարանը ընդունեց Ալմա Աթայի հռչակագիրը վաւերացնելու ատեն:
1992ին, Գերագոյն խորհուրդը 10 վերապահութիւններ ունէր: Անոնցմէ մէկը, օրինակ, առաջարկած էր իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու մասին յօդուածը վերաշարադրել եւ բնագիրին մէջ ամրագրել նաեւ ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը:
Առաւել քան 30 տարիներ առաջ ընդունուած այս փաստաթուղթէն բացի Պաքուի համար վիճայարոյց է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը, ուր Ղարաբաղեան հարցին նուիրուած հատուածին մէջ կ՛ըսուի, թէ Արցախը պատմական Հայաստանի անբաժանելի մասն է: Ամիրպեկով իբրեւ խնդրայարոյց օրինակ նշեց նաեւ Հայաստանի կողմէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան ներկայացուած վերջին հայցերը՝ պնդելով, թէ անոնց մէջ ալ եղած են տարածքային նկրտումներ:
«Հայկական կողմը կ՛ընդունի, որ այս է իրականութիւնը, բայց ոչինչ կ՛ընէ այդ փաստերը մեղմացնելու համար», յայտնեց Ամիրպեկով։
0210AZ