ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27ին հրապարակուեցան նախկին նախագահ Ճերըլտ Ֆորտի թաղման արարողութեան մանրամասնութիւնները, որոնք պիտի սկսին այսօր (Ուրբաթ օր), Քալիֆորնիոյ Փալմ Տեզըրթ քաղաքին եկեցիներէն մէկուն մէջ կայանալիք արարողութեամբ մը, որմէ ետք Ֆորտի դին Ուաշինկթըն պիտի փոխադրուի: Շաբաթ օր նախատեսուած պետական թաղման արարողութենէն ետք ժողովուրդը յառաջիկայ երկու օրերուն առիթը պիտի ունենայ յարգանքի իր վերջին տուրքը մատուցելու նախկին նախագահին, որուն դագաղը Երեքշաբթի օր Միշիկըն պիտի փոխադրուի, ուր ան հողին պիտի յանձնուի Չորեքշաբթի, Յունուար 3ին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.