ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանի «ողջոյն-հանդիպում»ը նոր ընդուող ուսանողներուն հետ տեղի պիտի ունենայ այսօր, Սեպտեմբեր 1ին:
Նոր ուսումնական տարին պետական ճարտարագիտական համալսարանին մէջ պիտի սկսի ճարտարագիտական համալսարանի ղեկավարութեան, ուսանողութեան ներկայացուցիչներու եւ նոր ընդուող ուսանողներու արդէն աւանդութիւն դարձած հանդիպումով:
Հանդիպումը պիտի սկսի ՀՊՃՀ տնօրէն Մարուխեանի ողջոյնի խօսքով՝ ուղղուած «նոր» ուսանողներուն:
Եօթը տասնամեակէ աւելի կեանք ունեցող համալսարանը նոր ուսումնական տարին կը դիմաւորէ շարք մը նոր տարրալուծարաններով, լսարաններով, համակարգչային արդիական կեդրոններով:
Այս տարի ՀՊՃՀ է ընդունուած են 1366 ուսանողներ, որոնցմէ 506ը՝ պետութեան կողմէ կատարուող վճարումով: