ՊԷՅԺԻՆԿ, «Ռոյթըրզ».- Ժընեւ հաստատուած բնակչութեանց իրաւանց պաշտպան միջազգային կազմակերպութիւն մը հաղորդեց, թէ 2008ի Ողիմպիական խաղերուն համար պատրաստութիւններ կատարող Չինաստանի իշխանութիւնները արդէն իսկ տեղահան ըրած են ու կը շարունակեն տեղահան ընել մօտաւորապէս 1.5 միլիոն չինացիներ, մարզադաշտերու կամ մարզիկներու բնակարանային համալիրներու համար տեղ բանալու նպատակով: Ըստ կազմակերպութեան, Չինաստանի իշխանութիւնները յաճախ պարտադրաբար իրենց բնակարաններէն կը հեռացնեն քաղաքացիներ, չնչին հատուցումներ տալով անոնց:
Չինաստանի պետական տուեալներուն համաձայն, Ողիմպիական խաղերուն պատրաստութեան ընթացքին 2002էն ի վեր տեղահան եղած են միայն 6037 հոգի:
Նկարին մէջ, մօտ ատենէն իրենց բնակարանէն տեղահանուելու դատա-պարտուած չինացիներ կը ճաշեն: