ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Կը նախատեսուի, որ Փետրուարին կառավարութիւնը առեւտուրի եւ տնտեսական զարգացման նախարարութեան համակարգին մէջ ակնագործութեան եւ ոսկերչութեան զարգացման գործակալութիւն հիմնելու որոշում տայ: Այս մասին յայտնեց նախարարութեան ակնագործութեան եւ ոսկերչութեան բաժինի պետ Գագիկ Մկրտչեան եւ նշեց, որ գործակալութիւնը ձեռնամուխ պիտի ըլլայ այս ճիւղերու 2005-07ի ծրագիրի գործադրութեան, որ պիտի նպաստէ այս բնագաւառներէն ներս երկու տարիէ ի վեր շարունակուող տագնապի յաղթահարումին:
Ըստ Գ. Մկրտչեանի, գործակալութիւնը առաջին հերթին պիտի զբաղի օրէնսդրական բարեփոխումներու հարցով. «Խօսքը վերաբերում է հարկային եւ մաքսային որոշակի բարեփոխումների շնորհիւ ներդրումների ծաւալի շեշտակի մեծացման ճանապարհով ակնագործութեան եւ ոսկեգործութեան ոլորտի զարգացումը խթանելուն», նշեց ան եւ յայտնեց, որ ադամանդագործութեան զարգացումը պիտի խթանուի նաեւ ոլորտին առնչուող ազատ առեւտուրի գօտի հաստատելու միջոցով, որ ըստ Գ. Մկրտչեանի, «կիրառւում է բոլոր այն երկրներում, որտեղ կայ հում ադամանդի եւ պատրաստի արտադրանքի՝ ադամանդի զարգացած մեծածախ շուկայ»: Նման պայմաններու ստեղծումը կը նպաստէ ոլորտի փոքր եւ միջին հաստատութիւններու զարգացումին եւ «նպաստաւոր պայմանների պարագայում կը ստեղծուեն 200-300 ձեռնարկութիւններ՝ ներկայիս 30 արտօնագրուած ադամանդագործական ձեռնարկութիւնների դիմաց», նշեց Գ. Մկրտչեան:
Գ. Մկրտչեանի տուեալներով, 2005ին Հայաստանի ակնագործութեան եւ ոսկերչութեան ոլորտին մէջ կ’աշխատէր 4550 մարդ: Այդ ցուցանիշը 2006ի ընթացքին կրճատուած է 600ով:
Նշենք, որ 2007ի Հոկտեմբերի երկրորդ տասնօրեակին, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ոսկերչական միջազգային մեծ ցուցահանդէս, որուն կազմակերպումը ստանձնած է Հայ ոսկերիչներու միութիւնը (ՀՈՄ-AJA-Armenian Jewelers Association):