ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ-ռուսական տնտեսական գործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի որոշումով, Հայաստանի մէջ պիտի հիմնուի տարածաշրջանին մէջ միակ՝ տիեզերական դիտարկման կեդրոնը: Այս մասին յայտնեց տարածքային կառավարման նախարարութեան փրկարար ծառայութեան բնակչութեան եւ տարածքներու պաշտպանութեան վարչութեան պետ Սերկէյ Ազարեան եւ նշեց, որ կեդրոնը հնարաւորութիւն պիտի տայ տիեզերական տեղեկատուութիւնը օգտագործելու առօրեայ գործունէութեան մէջ, եւ այդ տեղեկատուութենէն կրնան օգտուիլ բոլոր նախարարութիւնները եւ գերատեսչութիւնները:
Այժմ Ռուսիոյ համապատասխան գերատեսչութիւններուն հետ կեդրոնի կառուցման վերաբերեալ քննարկումներ կը կատարուին: Շինարարական աշխատանքները պիտի ֆինանսաւորուին պետական գանձէն: Ծրագիրի առաջին փուլը կեանքի պիտի կոչուի յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին: