ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոկտեմբերին, Լորիս Ճգնաւորեանի ծննդեան 70ամեակի կապակցութեամբ խմբավար-երաժշտահանի 70 ստեղծագործութիւններ, որոնցմէ՝ 4 օփերաներ եւ 6 սիմֆոնիներ, Իրանի կառավարութեան աջակցութեամբ պիտի հրապարակուին: Այս մասին Սեպտեմբեր 27ին յայտնեց 1991-2000ին Հայաստանի սենեկային նուագախումբի ղեկավար, խմբավար Լորիս Ճգնաւորեանը եւ նշեց, որ իր վերջին ստեղծագործութիւնը նուիրուած է Հայոց Մեծ Եղեռնին: