ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Այսօր, Օգոստոս 1ին, «Նարեկացի» արուեստի միութեան դահլիճին մէջ պիտի ցուցադրուի Արթուր Պապեանի եւ Արմէն Թեւանեանի «Յաւերժի ուղին» շարժանկարը, որ նուիրուած է Գարեգին Նժդեհի կեանքին եւ գործունէութեան:
Ժապաւէնը նկարահանուած է 2003ին, նախկին վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի աջակցութեամբ:
Վաւերագրական շարժանկարին մէջ օգտագործուած են պատմական փաստաթուղթեր՝ նախորդ դարասկիզբին Հայաստանի համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող իրադարձութիւններու մասին, օգտագործուած են նաեւ զօրավարի յուշերը եւ նկարները: