ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներ այցելող Թուրքիոյ սպայակոյտի նախագահ զօր. Եաշար Պիւյիւքանըթի ու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի նախագահ Թոմ Լանթոսի միջեւ Չորեքշաբթի, Փետրուար 14ին կայանալիք հանդիպումը յետաձգուած է անորոշ թուականով, մայրաքաղաքին մէջ տիրող «անբարենպաստ եղանակի»ն պատճառով:
Պիւյիւքանըթ Ուաշինկթընի մէջ կը փորձէ շարունակել Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը ձախողութեան մատնելու՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլի սկսած աշխատանքը:
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Անգարան «մեծ յոյսեր» ունի այս հանդիպումէն: