ԻՍԼԱՄԱՊԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Փաքիստան այցելող Բրիտանիոյ վարչապետ Թոնի Պլէր Կիրակի, Նոյեմբեր 19ին հաստատեց, որ Արեւմուտքը փոխած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իր ռազմավարութիւնը: Ան Փաքիստանի նախագահ Փերւէզ Մուշարրաֆի ըսաւ, որ Միջին Արեւելքի մէջ ընդհանուր խաղաղութեան համար միջնորդութիւն կատարելը նոյնքան կենսական է, ինչքան ծայրայեղական զինեալներու դէմ ուժով կռուիլը:
Հանդիպումին ընթացքին Մուշարրաֆ համամիտ գտնուեցաւ եւ ըսաւ, որ «ահաբեկչութեան հանգոյցը քակելու համար անհրաժեշտ է նախ լուծել պաղեստինեան հարցը»: Ան խոստովանեցաւ, որ «հարիւր առ հարիւր չեն յաջողած» իր կառավարութեան ճիգերը՝ կտրելու հիւսիսարեւմտեան Փաքիստանէն թալեպաններուն տրամադրած օժանդակութիւններն ու նեցուկը: ««Թալեպան»ը աֆղանական հարց մըն է, որուն նեցուկ կը կանգնին սահմանին այս կողմը գտնուող տարրեր. մենք պէտք է կարգի դնենք մեր տունը», աւելցուց ան:
«Աֆղանիստան կարիքը ունի վերաշինութեան եւ օժանդակութիւններու», ըսաւ Մուշարրաֆ՝ ընդգծելով, որ այդ երկրի հարաւարեւմտեան շրջանները ամէնէն կարիքաւորն են, եւ հոն է «Թալեպան»ի յենարանը:
Պլէր հաստատեց օժանդակութեան անհրաժեշտութիւնը՝ նկատելով միաժամանակ, որ արդէն խոստացած է 10.5 միլիառ տոլար, բայց այդ գումարը օգտակար ձեւով ծախսելու անհրաժեշտ ենթակառոյցը չկայ տակաւին:
«Չափաւորական իսլամներու աւելի մեծ դերակատարութիւնն ու պաղեստինեան-իսրայէլեան տագնապին լուծումը հիմնական նշանակութիւն ունին ծայրայեղականութիւնը պարտութեան մատնելու մէջ. մենք կը սկսինք յաղթել, երբ ճիշդ ձեւով կռուինք. ա՛յս է ճիշդ ձեւը, որուն սկսած ենք հետեւիլ, բայց պէտք է աւելի՛ն ընենք», ըսաւ Բրիտանիոյ վարչապետը:
Ան աւելցուց. «Իսրայէլի եւ պաղեստինեան շրջաններուն մէջ խաղաղութեան հաստատումը բարերար անդրադարձ պիտի ունենայ. այս համաշխարհային ծայրայեղականութիւնը այնպիսի գաղափարախօսութիւն մըն է, որ ցաւերը կը շահագործէ աճելու համար. հետեւաբար, անոր դէմ կռուելու ատեն պէտք է վերջ դնենք այդ ցաւերուն»:
Պլէր այս յայտարարութիւնները կատարեց, երբ կը ստորագրէր Փաքիստանի հետ համաձայնագիր մը, որուն հիմամբ 910 միլիոն տոլարով պիտի օժանդակէ Փաքիստանի մէջ չափաւորական իսլամական վարժարաններու եւ այլ ծրագիրներու ֆինանսաւորումին:
Անցեալ շաբաթ Պլէր Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան առնչութեամբ նմանօրինակ յայտարարութիւններ կատարած էր՝ կոչ ուղղելով Սուրիոյ եւ Իրանի, որ շինիչ դեր ստանձնեն:
Ան կոչ ուղղած էր Սուրիոյ եւ Իրանի դառնալու գործընկերներ՝ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատումին համար գործող կողմերուն, այլապէս անոնք պիտի մեկուսացուին միջազգային բեմին վրայ:
«Ճազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի անգլերէն բաժինին տրուած հարցազրոյցի մը մէջ Պլէր ըսաւ, որ ամբողջովին անհիմն եւ անհեթեթ են այն մեկնաբանութիւնները, թէ Դամասկոսի եւ Թեհրանի հետ գործակցելու իր պատրաստակամութիւնը կը նշանակէ, թէ Լոնտոն կը մեղմացնէ Ուաշինկթընի թշնամիներուն հետ իր յարաբերութիւններու լարուածութիւնը:
Վերահաստատելով Միացեալ Նահանգներու աներեր դաշնակիցի իր կարգավիճակը՝ Պլէր ընդգծեց, որ «դուռը բաց է» թէ՛ Դամասկոսի եւ թէ Թեհրանի առջեւ, որ շինիչ դերակատարութիւն ունենան Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ճիգերուն մէջ: «Այս դերը ունենալու համար անոնք պէտք է հրաժարին ահաբեկչութեան նեցուկ կանգնելէ, եւ Իրան պէտք է յարգէ հիւլէական ուժանիւթի տարածումին դէմ միջազգային ընտանիքին նկատմամբ իր պարտաւորութիւնները», բացատրեց ան: