Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին քննարկեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն ու մնայուն խաղաղութեան աջակցելու կարելիութիւնները:
Այս մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով 1էն 4 Մայիսին, Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններ ունեցան: Առաջին եւ վերջին նիստերուն մասնակցեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն: Ուաշինկթընի քննարկումներէն ետք, Եւրոպական Միութիւնը յայտնեց, որ 14 Մայիսին Պրիւքսէլի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի եռակողմ հանդիպումը: