Monday, January 30, 2023
No Result
View All Result
Asbarez - Armenian
NEWSLETTER
Jan. 18, 2023 PDF
ENG
  • Home
  • Հայաստան
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Գաղութի Կեանքէն
  • Գաղութներ
  • Յօդուածներ
  • Home
  • Հայաստան
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Գաղութի Կեանքէն
  • Գաղութներ
  • Յօդուածներ
No Result
View All Result
Asbarez - Armenian
ENG
No Result
View All Result
Home Կիզակէտ

Պոլիս Եւ Իր Նոր Դերը

by Asbarez Staff
February 6, 2007
in Կիզակէտ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չկայ հայաբնակ քաղաք, որ վերջին վեց դարերուն այնքան առանցքային դեր ունեցած ըլլայ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, որքան Պոլիսը։ Դժուար է երեւակայել, թէ ի՛նչ ընթացք կրնար ունենալ հայութեան հաւաքական գիտակցութեան զարգացումը, եթէ 1453էն ետք Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաք դարձած Պոլսոյ մէջ հայոց պատրիարքութեան ստեղծումով Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ այդ իւրայատուկ կառոյցը ստանձնած չըլլար քաղաքական ներկայացուցչութեան այն դերը, որ նոյնիսկ կաթողիկոսական աթոռը չունեցաւ ոչ Էջմիածնի, ոչ Սիսի եւ ոչ ալ Ախթամարի մէջ։ Շնորհիւ իսլամական օրէնքով քրիստոնեայ եւ հրեայ փոքրամասնութիւններու տրուած ներքին ինքնավարութեան («Ա.».- Կը մնանք տարակարծիք այս բառին նկատմամբ), Օսմանեան կայսրութեան մէջ ձեւաւորուեցաւ համայնքի ղեկավարութիւնը ստանձնած հաստատութիւն մը, որու ոլորտին մէջ է, որ պատմական պահի պայմաններու համաձայն զարգացաւ ներազգային քաղաքական գործընթաց մը։ Մինչեւ 18րդ դար, այս գործընթացը մարմնաւորուեցաւ ամիրաներու դերակատարութեամբ, մինչեւ որ արդէն կազմաւորուող հայ քաղքենիութիւնը, էսնաֆները, իրենց տեղը գրաւեցին եւ արդէն ճամբայ հարթեցին Զարթօնքի շարժման։

Պոլսոյ առանցքային դերը հայութեան արդիական ինքնութեան կառուցման մէջ, ի հարկէ, երեւան ելաւ յատկապէս Զարթօնքի շարժումով։ Պոլսոյ մէջ էր, որ Ազգային սահմանադրութեան հոլովոյթով ձեւաւորուեցաւ արեւմտահայոց ազգային ինքնագիտակցութիւնը, զարգացաւ արեւմտահայ լեզուն ու մշակոյթը։ Պոլսոյ մէջ էր, որ Պերլինի վեհաժողովէն իր վերադարձին Խրիմեան Հայրիկ տուաւ իր հռչակաւոր Երկաթէ շերեփի քարոզը՝ որպէս հրաւէր ինքնապաշտպանութեան եւ, անխուսափելիօրէն, ազգային ազատագրական շարժման։ Եւ եթէ Զէյթունէն ու Սասունէն լսուեցան ապստամբութեան առաջին կանչերը, եթէ ֆետայական շարժումը ծաւալեցաւ յատկապէս Երկրի (Արեւմտահայաստանի) մէջ, ապա եւ Պոլիսը եղաւ թատերաբեմ յեղափոխական ամենայանդուգն նախաձեռնութիւններու՝ հնչակեաններուն կազմակերպած Գում Գափուի ցոյցը, Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ Պանք օթոմանի գրաւումը, Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Երկրորդի դէմ մահափորձը…

Պոլսոյ մէջ է, որ, վերջապէս, 1908-1914 տարիներուն զարգացաւ Օսմանեան սահմանադրութեան բերած յոյսը՝ հայեւթուրք բարեկամութեան հեռանկարը, որ, աւաղ, իր սաղմին մէջ խեղդուեցաւ երբ իշխանութեան հասան Երիտթուրքերը եւ օսմանականութեան գաղափարն ու քաղաքական ծրագիրը փոխարինուեցաւ փանթուրքիզմով։ Սակայն Օսմանեան սահմանադրութեան այդ տարիներուն է, որ, դարձեալ Պոլսոյ մէջ, գեղագիտական իր գագաթնակէտը նուաճեց արեւմտահայ մշակոյթը, որուն ժառանգորդն են Սփիւռնքն ու այսօրուայ պոլսահայութիւնը։

Պոլիս դադրեցաւ հայութեան զարգացման կեդրոն ըլլալէ 1915ին։ Ապրիլ 23-24ի գիշերը իրականացած արեւմտահայութեան ղեկավարութեան ձերբակալումն ու սպանութիւնը ազդանշանը տուաւ հայ ժողովուրդի բնաջնջման ծրագրին։ Պոլսահայութիւնը ընդհանրապէս ազատեցաւ Ցեղասպանութենէն պարզապէս որովհետեւ ի մտի ունենալով 1895-96 թուականներու ջարդերուն քաղաքական լայն անդրադարձը Եւրոպայի մէջ, Երիտթուրքերը շրջանցեցին իրենց ոճիրին տեսանելիութիւն տուող այդ քայլը։ Վերջին հաշուով, Արեւմտահայաստանի հայաթափումն էր, որ ռազմավարական նշանակութիւն ունէր փանթրքական ծրագրին համար։ Արեւմտահայաստանի հայութեան բնաջնջումով պոլսահայութիւնը կը վերածուէր պատանդի, որուն լռութիւն կը պարտադրուէր սարսափի յարատեւ սպառնալիքով։ Թրքական կառավարութեան ժխտումի քաղաքականութիւնը սկսաւ Ցեղասպանութեան ծրագրին ներհակ, եւ պոլսահայութիւնը սարսափի սպառնալիքով լռեցնելու պետական ահաբեկչութիւնը, որուն, դժբախտաբար, Հայ Դատի մտածողութիւնը այնքան քիչ տեղ տուած է թրքական քաղաքականութեան վերլուծումին մէջ, անհրաժեշտ մէկ գործօնն է այդ քաղաքականութեան։

Քեմալականութեան յաղթանակով կը սկսի այն, ինչ Օրհան Փամուք Պոլսոյ նուիրուած իր համանուն յուշագրութեան մէջ կը բնորոշէ որպէս Պոլսոյ թրքացման հոլովոյթը։ Թուրք քաղաքացիի ստեղծման ծրագրին ոլորտին մէջ, թրքահայութեան ընդհանրապէս, եւ պոլսահայութեան մասնաւորաբար, պարտադրուեցաւ ազգային փոքրամասնութեան իրավիճակ մը, որ միջազգային ճանաչում ստացաւ 1923ի Լօզանի դաշնագրով։ Թրքական պետութիւնը իր վրայ կը վերցնէր փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան պարտաւորութիւնը, սակայն իրականութեան մէջ Լօզանի դաշնագիրը կը բացառէր օտար միջամտութիւնը եւ թրքական կառավարութեան ձեռքերը ազատ կը ձգէր հասարակութեան թրքացման գործընթացը առաջ տանելու։ Պոլսահայութիւնը անջատուեցաւ ե՛ւ Սփիւռքէն, ե՛ւ Խորհրդային Հայաստանէն, եւ ապրեցաւ իւրայատուկ ներքին հոլովոյթ մը։ Քար լռութիւն պահելով անցեալին մասին, պոլսահայութիւնը այնուամենայնիւ շարունակեց իր մշակութային կեանքն ու պահպանեց, այլեւ կերտեց իր յատուկ ինքնութիւնը։ Ի վերջոյ, Փարիզի, Պոսթընի, Գահիրէի, Հալէպի եւ Պէյրութի կողքին, Պոլսոյ մէջ պահպանուեցաւ եւ զարգացաւ արեւմտահայ մշակոյթն ու գրականութիւնը։ Այդ մասին կը վկայեն Զահրատ, Հատտէճեան, Խրախունի եւ քանի ուրիշներ, նշելու համար միայն գրական-հրապարակագրական մարզը։

Պաղ պատերազմի աւարտը, համաշխարհայնացման հոլովոյթը եւ ի մասնաւորի Թուրքիոյ նախանձախնդրութիւնը մաս կազմելու Եւրոպական միութեան յանգեցան քեմալականութեան ծրագրի տագնապին։ Իննիսունական թուականները բացայայտեցին, որ քեմալականութիւնը չէր յաջողած այնպէս, ինչպէս կը թուէր կերտել ապակրօն թուրք քաղաքացին։ Թուրք հասարակութիւնը ինքնին, ինչպէս ցոյց տուին իսլամականներու ընտրական հետեւողական յաղթանակները, չէր անջատուած իսլամէն որպէս իր ինքնութեան որոշիչ ազդակ։ Քրտական ապստամբութիւնը եւ ալաուիներու քաղաքական զօրաշարժը իրենց կարգին ցոյց տուին, թէ որքան կենդանի է նաեւ փոքրամասնութիւններու գիտակցութիւնը իրենց ինքնութեան մասին։ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան նախապայման հասարակութեան եւ քաղաքական համակարգի ժողովրդավարացումը, վերջապէս, ի յայտ բերին մտաւորականներու փոքրամասնութիւն մը, որ սկսաւ հարցականի տակ դնել քեմալական ծրագրի բոլոր այն երեսները, որոնք այսօր խոչընդոտ կը հանդիսանան երկրի իսկական ժողովրդավարացման։ Թուրքիոյ ներքին այս խմորումներուն մաս կը կազմէ նաեւ փանթրքական ենթահողով թուրք ազգայնամոլութեան վերազարթնումը իր ե՛ւ այսպէս կոչուած «քաղաքակիրթ» տաբերակով (իրաւագէտներ, որոնք թրքական քրէական օրէնքի թիւ 301 յօդուածի հիմամբ դատական գործ կը բանան տարբեր մտաւորականներու դէմ), ե՛ւ ահաբեկչական խումբերով, ինչպէս օրինակի համար Գորշ գայլերը, որոնք արդէն քայլ մը անդին անցնելով դիմած են սպառնալիքներու եւ վայրագութեան։ Իսլամականներու ձեռքերուն գտնուող կառավարութիւնը, բնականաբար, չէզոք չէ այս բոլորին մէջ։ Եթէ մէկ կողմէ ժողովրդավարութիւնը իսլամականներուն ամենաազդու գործիքն է ընդդէմ քեմալականութեան ժառանգի հիմնական պաշտպան զինուորականներու ազդեցութիւնը սահմանափակելու համար, իսլամականները ոչ կրնան, ոչ ալ կ՚ուզեն այնքան մը «ժողովրդավարանալ», որ թոյլատու ըլլան Թուրքիոյ նորագոյն պատմութեան ամենահարցական էջերն ու անոնց հետեւանքները քննարկելու նախանձախնդրութեանց։ Ուրկէ եւ անոնց մերժումը թիւ 301 յօդուածի վերացման։

Թրքական հասարակութեան վերջին քսանամեակի այս խորին խմորումներուն մէջ կը տեղադրուին իննսունական թուականներու վերջաւորութեան ի յայտ եկած հայութեան առնչակից երեւոյթները, որոնք անգամ մը եւս Պոլիսը կը վերածեն ազգի ուշադրութեան առանցքի։ Թէ որքանով վերոյիշեալ այլ ազդակներու շարքին Հայաստանի անկախացումն ու Պոլսոյ հետ ստեղծուած կապը որոշիչ դեր ունեցան այս երեւոյթներու ձեւաւորման ու արտայայտութեան մէջ՝ տակաւին ուսումնասիրելի խնդիր է։ Յստակ է, սակայն, որ Հայ Դատի մտածողութիւնը այլեւս չի կրնար անտեսել Ցեղասպանութեան ժամանակ բռնի թէ վերապրումի տենչով իսլամացած ու թրքացած հայերու ժառանգներու երեւոյթը։ Խօսքը կը վերաբերի բնականաբար անոնց, որոնք Ֆեթհիյէ Չէթինի խորհրդանշական օրինակով յանձնառու են իրենց ինքնութեան հայկական տարրին՝ առանց երբեք ժխտելու իրենց թրքութիւնը։ Ըստ նախնական նկատառումներու, եւ ի հետեւանք Չէթինի հանրածանօթ գործի գտած արձագանգին, այս ինքնութեան յանձնառուներու թիւը քաղաքականօրէն պատկառելի կշիռ կրնայ ներկայացնել։ Անոնց քաղաքական պայքարը, պարզ է, չի կրնար տեղադրուիլ հայ-թրքական հակամարտութեան ու առճակատումի ոլորտին մէջ։ Իրենց առջեւ խնդիր դրուած է Թուրքիոյ իսկական ժողովրդավարացման հսկայական մարտահրաւէրը, որուն յանձնառու է նաեւ յանդուգն մտաւորականներու փոքր հատուած մը։ Միայն ժողովրդավար ու բազմազանութեան թոյլատու Թուրքիոյ մէջ կրնայ իր լիակատար զարգացումը ապրիլ այս հայ-թուրք կամ թուրք-հայ իւրայատուկ ինքնութիւնը։ Բայց այդ ժողովրդավարացումը անկարելի է առանց որ Թուրքիա քաջութիւնը ունենայ իր անցեալին նայելու եւ ընդունելու Ցեղասպանութիւնը, այնպէս ինչպէս Հրանդ Տինք, ի շարս այլոց, կը պնդէր, եւ անոր համար ալ սպանուեցաւ։ Հետեւաբար, կամայ թէ ակամայ, Հայ Դատի քաղաքական մտածողութիւնը այսօր նաեւ նկատի պէտք է ունենայ ներթրքական զարգացումները եւ անոնց ծիրին մէջ Թուրքիոյ ժողովրդավարացման գործընթացին մէջ իր աշխատանքային դաշտը ստեղծէ։

Ահա հոս է, որ Պոլիս եւ պոլսահայութիւնը կը գտնուին նոր դերակատարութեան մը ստանձնման դժուար որոշումին դէմ յանդիման։ Տինքի սպանութիւնը չէր մտադրեր միայն իր յանդուգն ձայնը լռութեան մատնել, այլ՝ անոր իսկական նպատակն էր իրենց սաղմին մէջ խեղդել պոլսահայութեան նորագոյն զարթօնքի նախանշանները, սարսափի մէջ պահել ոչ միայն անոնք, որոնք կը համարձակին թէկուզ եւ որպէս թուրք քաղաքացի, ինչպէս Տինք միշտ ալ կը յայտարարէր, իրենց իրաւունքներուն տէր կանգնիլ, այլ միւսներուն՝ պոլսահայութեան, եւ ընդհանրապէս թրքահայութեան լայն զանգուածին։ Տինքի սպանութիւնը իր էութեան մէջ «յուշում» է, որ հայ մը, կամ որեւէ ոչ-թուրք, չի կրնար լիիրաւ քաղաքացի ըլլալ, որ առնուազն թրքական հասարակութեան մէկ հատուածին համար կը մնայ «կեաւուր», եւ թրքական պետութիւնը պահելով թիւ 301 յօդուածը, լուռ մեղսակից է այս հատուածին։ Այս իսկ պատճառով Տինքի յուղարկաւորութեան ընթացքին «Բոլորս հայ ենք» կարգախօսը գրեթէ քաղաքական պայքարի ծրագիր մըն է, որուն յանձնառութիւնը վերցնելու եւ «Ակօս»ի խմբագրին գործը շարունակելու ծանր պարտականութիւնը կ՚իյնայ նախ եւ առաջ պոլսահայութեան ուսերուն։

Տինք առաջին քայլ մը տուաւ Պոլսոյ վերադարձնելու իր առանցքային տեղը, որ երբեմն ունէր համահայկական իրականութեան մէջ։ Թէ որքանով այդ պիտի իրականանայ՝ մեծ մասամբ կախուած է նոյնինքն պոլսահայութենէն։ Սակայն որպէսզի պոլսահայութիւնը տեղի չտայ ահաբեկչութեան առաջ, որպէսզի թուրք ազգայնամոլներուն սարսափի պատգամը ազդեցութիւն չունենայ, պոլսահայութիւնը պէ՛տք է իր կողքին տեսնէ ե՛ւ Սփիւռքի, ե՛ւ Հայաստանի զօրակցութիւնը, որոնք իրենց առաւելութիւններով ու սահմանափակումներով զիրար կ՚ամբողջացնեն։ Ի մասնաւորի Սփիւռքի պարագային, անհրաժեշտ է աշխարհացրիւ հայկական համայնքներուն կապը Պոլսոյ հետ աւելի աշխոյժ եւ գործնական դարձնել, որպէսզի պոլսահայութիւնն ու իր մտաւորականութիւնը ինքզինք առանձնացած չզգայ։

Այս հեռանկարով բնականաբար յատուկ դեր վերապահուած է Սփիւռքի զանազան համայնքներուն մէջ հաստատուած պոլսահայերուն։ Պոլսահայ այսպէս կոչուած «սփիւռքը» կազմաւորուեցաւ յատկապէս 1955ի հանրածանօթ դէպքերէն յետոյ։ Թուրքիոյ մեծ քաղաքներուն մէջ յոյն եւ հայ խանութներու դէմ ծայր առած զանգուածային վայրագութիւնները միայն հերթական «յուշում» մըն էին սարսափի սպառնալիքին, վայրագ ամբոխային արտայայտութիւնը թրքացման քաղաքականութեան մը, որ արդէն Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին ձեւ ստացած էր ազգային փոքրամասնութիւններու վրայ դրուած ծանր տուրքերով («Ա.».- Կÿակնարկուի «Վարլըք վերկիսի», ունեւորութեան տուրք կոչուածին)։ Հազիւ տասնամեակ մը հեռաւորութիւն ունեցող այս դէպքերուն հետեւանքով շատ մը պոլսահայեր նախընտրեցին հեռանալ եւ կայք հաստատել Եւրոպա, ԱՄՆ, Քանատա եւ Արժանթին։ Այդ տարիներուն արդէն կազմաւորուած Սփիւռքին մէջ պոլսահայերը չկարողացան համարկուիլ, մաս կազմել հաստատութիւններուն։ Առանց երբեք բացարձակապէս մեկուսացած ըլլալու համայնքէն, պոլսահայերը զգոյշ եղան ի մասնաւորի 70ական թուականներու Սփիւռքի քաղաքականացման հոլովոյթէն, հասկնալիօրէն, որովհետեւ մտահոգ էին իրենց ազգակիցներու եւ ընտանիքներու ճակատագրով։ Ոչ ալ, պէտք է ընդունինք, Սփիւռքը կարողացաւ լիովին հասկնալ անոնց իրավիճակը եւ Պոլսոյ կարեւորութիւնը։ Աւելի՛ն, այդ տարիներուն տիրապետող ազգային խանդավառութիւնը մինչեւ իսկ կ՚արհամարհէր բոլոր անոնք, որոնք իրենց ինքնութիւնը կը հասկնային ոչ անպայման օրին տիրապետող ազգային մարտունակութեան սահմանումով։

Տինքի սպանութիւնը համայն հայութիւնը, բայց մասնաւորաբար սփիւռքահայութեան եւ Պոլսոյ մէջ թէ անկէ դուրս ապրող պոլսահայութիւնը դէմ յանդիման դրած է քաղաքական մեծ մարտահրաւէրի մը։ Հայ Դատի մտածողութիւնը այլեւս չի կրնար անտեսել աշխատանքի այն կարողական դաշտը, որ կը բացուի Թուրքիոյ մէջ։ Ոչ ալ կրնայ ժխտել այն առանցքային կարեւորութիւնը, որ Պոլիս կարող է վերագրաւել հայութեան ազգային հոլովոյթին մէջ, ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ մշակութային իմաստով, որպէս կեդրոն արեւմտահայութեան պատմական հոլովոյթի շարունակութիւն 1915ին պարտադրուած ակամայ ընդմիջումէն յետոյ։

Թէ գործնական ի՛նչ ընթացք կրնայ ստանալ Պոլսոյ այս նոր դերը՝ խորհրդածութեան ու ծրագրումի խնդիր է միայն։ Առայժմ անյետաձգելի է Պոլսոյ եւ պոլսահայութեան հետ Սփիւռքի ու հայրենի հասարակութեան մերձեցումը՝ ընդհուպ մինչեւ իր տեսակով իւրայատուկ համարկում՝ կեանք տալու համար Տինքի յուղարկաւորութեան լսուած «Բոլորս հայ ենք» կոչին։

Asbarez Staff

Asbarez Staff

Next Post

Դ. Լոքեան Գիւղատնտեսական Հարցեր Քննեց Ֆրանսայի Եւ Սուրիոյ Դեսպաններուն Հետ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Recommended

Քոնկրեսականներ Եւ Շարք Մը Կազմակերպութիւններ Կը Կազմեն Արցախին Աջակցող Save Karabakh Համախմբումը

Քոնկրեսականներ Եւ Շարք Մը Կազմակերպութիւններ Կը Կազմեն Արցախին Աջակցող Save Karabakh Համախմբումը

8 hours ago
Եգիպտոս Հայ-Ատրպէյճանական Տագնապի Լուծման Համար Չէզոք Միջնորդութիւն Կ՛առաջարկէ 

Եգիպտոս Հայ-Ատրպէյճանական Տագնապի Լուծման Համար Չէզոք Միջնորդութիւն Կ՛առաջարկէ 

8 hours ago

Connect with us

  • About
  • Advertising
  • Subscribe
  • Contact

© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.

No Result
View All Result
  • Home
  • Հայաստան
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Գաղութի Կեանքէն
  • Գաղութներ
  • Սիւնակներ
    • ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
    • ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
    • ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ
    • Սասունեանի Անկիւնը
    • ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
    • ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.

Accessibility

Accessibility modes

Epilepsy Safe Mode
Dampens color and removes blinks
This mode enables people with epilepsy to use the website safely by eliminating the risk of seizures that result from flashing or blinking animations and risky color combinations.
Visually Impaired Mode
Improves website's visuals
This mode adjusts the website for the convenience of users with visual impairments such as Degrading Eyesight, Tunnel Vision, Cataract, Glaucoma, and others.
Cognitive Disability Mode
Helps to focus on specific content
This mode provides different assistive options to help users with cognitive impairments such as Dyslexia, Autism, CVA, and others, to focus on the essential elements of the website more easily.
ADHD Friendly Mode
Reduces distractions and improve focus
This mode helps users with ADHD and Neurodevelopmental disorders to read, browse, and focus on the main website elements more easily while significantly reducing distractions.
Blindness Mode
Allows using the site with your screen-reader
This mode configures the website to be compatible with screen-readers such as JAWS, NVDA, VoiceOver, and TalkBack. A screen-reader is software for blind users that is installed on a computer and smartphone, and websites must be compatible with it.

Online Dictionary

    Readable Experience

    Content Scaling
    Default
    Text Magnifier
    Readable Font
    Dyslexia Friendly
    Highlight Titles
    Highlight Links
    Font Sizing
    Default
    Line Height
    Default
    Letter Spacing
    Default
    Left Aligned
    Center Aligned
    Right Aligned

    Visually Pleasing Experience

    Dark Contrast
    Light Contrast
    Monochrome
    High Contrast
    High Saturation
    Low Saturation
    Adjust Text Colors
    Adjust Title Colors
    Adjust Background Colors

    Easy Orientation

    Mute Sounds
    Hide Images
    Virtual Keyboard
    Reading Guide
    Stop Animations
    Reading Mask
    Highlight Hover
    Highlight Focus
    Big Dark Cursor
    Big Light Cursor
    Navigation Keys

    Asbarez - Armenian Accessibility Statement

    Accessibility Statement

    • asbarez.am
    • January 30, 2023

    Compliance status

    We firmly believe that the internet should be available and accessible to anyone, and are committed to providing a website that is accessible to the widest possible audience, regardless of circumstance and ability.

    To fulfill this, we aim to adhere as strictly as possible to the World Wide Web Consortium’s (W3C) Web Content Accessibility Guidelines 2.1 (WCAG 2.1) at the AA level. These guidelines explain how to make web content accessible to people with a wide array of disabilities. Complying with those guidelines helps us ensure that the website is accessible to all people: blind people, people with motor impairments, visual impairment, cognitive disabilities, and more.

    This website utilizes various technologies that are meant to make it as accessible as possible at all times. We utilize an accessibility interface that allows persons with specific disabilities to adjust the website’s UI (user interface) and design it to their personal needs.

    Additionally, the website utilizes an AI-based application that runs in the background and optimizes its accessibility level constantly. This application remediates the website’s HTML, adapts Its functionality and behavior for screen-readers used by the blind users, and for keyboard functions used by individuals with motor impairments.

    If you’ve found a malfunction or have ideas for improvement, we’ll be happy to hear from you. You can reach out to the website’s operators by using the following email

    Screen-reader and keyboard navigation

    Our website implements the ARIA attributes (Accessible Rich Internet Applications) technique, alongside various different behavioral changes, to ensure blind users visiting with screen-readers are able to read, comprehend, and enjoy the website’s functions. As soon as a user with a screen-reader enters your site, they immediately receive a prompt to enter the Screen-Reader Profile so they can browse and operate your site effectively. Here’s how our website covers some of the most important screen-reader requirements, alongside console screenshots of code examples:

    1. Screen-reader optimization: we run a background process that learns the website’s components from top to bottom, to ensure ongoing compliance even when updating the website. In this process, we provide screen-readers with meaningful data using the ARIA set of attributes. For example, we provide accurate form labels; descriptions for actionable icons (social media icons, search icons, cart icons, etc.); validation guidance for form inputs; element roles such as buttons, menus, modal dialogues (popups), and others. Additionally, the background process scans all of the website’s images and provides an accurate and meaningful image-object-recognition-based description as an ALT (alternate text) tag for images that are not described. It will also extract texts that are embedded within the image, using an OCR (optical character recognition) technology. To turn on screen-reader adjustments at any time, users need only to press the Alt+1 keyboard combination. Screen-reader users also get automatic announcements to turn the Screen-reader mode on as soon as they enter the website.

      These adjustments are compatible with all popular screen readers, including JAWS and NVDA.

    2. Keyboard navigation optimization: The background process also adjusts the website’s HTML, and adds various behaviors using JavaScript code to make the website operable by the keyboard. This includes the ability to navigate the website using the Tab and Shift+Tab keys, operate dropdowns with the arrow keys, close them with Esc, trigger buttons and links using the Enter key, navigate between radio and checkbox elements using the arrow keys, and fill them in with the Spacebar or Enter key.Additionally, keyboard users will find quick-navigation and content-skip menus, available at any time by clicking Alt+1, or as the first elements of the site while navigating with the keyboard. The background process also handles triggered popups by moving the keyboard focus towards them as soon as they appear, and not allow the focus drift outside of it.

      Users can also use shortcuts such as “M” (menus), “H” (headings), “F” (forms), “B” (buttons), and “G” (graphics) to jump to specific elements.

    Disability profiles supported in our website

    • Epilepsy Safe Mode: this profile enables people with epilepsy to use the website safely by eliminating the risk of seizures that result from flashing or blinking animations and risky color combinations.
    • Visually Impaired Mode: this mode adjusts the website for the convenience of users with visual impairments such as Degrading Eyesight, Tunnel Vision, Cataract, Glaucoma, and others.
    • Cognitive Disability Mode: this mode provides different assistive options to help users with cognitive impairments such as Dyslexia, Autism, CVA, and others, to focus on the essential elements of the website more easily.
    • ADHD Friendly Mode: this mode helps users with ADHD and Neurodevelopmental disorders to read, browse, and focus on the main website elements more easily while significantly reducing distractions.
    • Blindness Mode: this mode configures the website to be compatible with screen-readers such as JAWS, NVDA, VoiceOver, and TalkBack. A screen-reader is software for blind users that is installed on a computer and smartphone, and websites must be compatible with it.
    • Keyboard Navigation Profile (Motor-Impaired): this profile enables motor-impaired persons to operate the website using the keyboard Tab, Shift+Tab, and the Enter keys. Users can also use shortcuts such as “M” (menus), “H” (headings), “F” (forms), “B” (buttons), and “G” (graphics) to jump to specific elements.

    Additional UI, design, and readability adjustments

    1. Font adjustments – users, can increase and decrease its size, change its family (type), adjust the spacing, alignment, line height, and more.
    2. Color adjustments – users can select various color contrast profiles such as light, dark, inverted, and monochrome. Additionally, users can swap color schemes of titles, texts, and backgrounds, with over 7 different coloring options.
    3. Animations – epileptic users can stop all running animations with the click of a button. Animations controlled by the interface include videos, GIFs, and CSS flashing transitions.
    4. Content highlighting – users can choose to emphasize important elements such as links and titles. They can also choose to highlight focused or hovered elements only.
    5. Audio muting – users with hearing devices may experience headaches or other issues due to automatic audio playing. This option lets users mute the entire website instantly.
    6. Cognitive disorders – we utilize a search engine that is linked to Wikipedia and Wiktionary, allowing people with cognitive disorders to decipher meanings of phrases, initials, slang, and others.
    7. Additional functions – we provide users the option to change cursor color and size, use a printing mode, enable a virtual keyboard, and many other functions.

    Browser and assistive technology compatibility

    We aim to support the widest array of browsers and assistive technologies as possible, so our users can choose the best fitting tools for them, with as few limitations as possible. Therefore, we have worked very hard to be able to support all major systems that comprise over 95% of the user market share including Google Chrome, Mozilla Firefox, Apple Safari, Opera and Microsoft Edge, JAWS and NVDA (screen readers), both for Windows and for MAC users.

    Notes, comments, and feedback

    Despite our very best efforts to allow anybody to adjust the website to their needs, there may still be pages or sections that are not fully accessible, are in the process of becoming accessible, or are lacking an adequate technological solution to make them accessible. Still, we are continually improving our accessibility, adding, updating and improving its options and features, and developing and adopting new technologies. All this is meant to reach the optimal level of accessibility, following technological advancements. For any assistance, please reach out to