ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ժամանակ» թերթը կը տեղեկացնէ, թէ Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կից հիւրատան մէջ, 23 Յունուարի գիշերը բռնկեցաւ հրդեհ մը, որուն պատճառով մահացան Հայ կաթողիկէ համայնքի անդամներ Ժոզեֆին Էքմեքճի եւ Ֆեհիմ Աթսուփ, իսկ երկու ուրիշներ ծխահարման պատճառով տեղափոխուեցան հիւանդանոց:
Դէպքին վայրը կը գտնուէր նաեւ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Լեւոն արքեպիսկոպոս Զեքիյեան:
Նորոգութեան մէջ գտնուող հիւրատան մէջ կը բնակէին 7 անձեր։ Հրդեհին պատճառներուն մասին ցարդ տեղեկութիւն չկայ: Նշենք, որ եկեղեցւոյ վնաս չէ հասած։