ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Արժանթինը աշխարհի մէջ երկրորդ երկիրն է Ֆրանսայէն յետոյ, ուր Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է օրէնսդրական մակարդակով եւ մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի պետական դպրոցներուն մէջ Ցեղասպանութեան պատմութիւնը պարտադիր նիւթ է:
Այս մասին յայտարարեց Պուէնոս Այրէսի Սան Անտրէս համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու եւ քաղաքականութեան դասախօս Խաչիկ Տէր Ղուկասեան:
Տէր Ղուկասեան ըսաւ, թէ Արժանթինի Հայ Դատի Յանձնախումբը դասագիրք պատրաստած եւ սեմինարներ կազմակերպած է դպրոցներու ուսուցիչներուն համար: «Ես պէտք է նշեմ, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է նաեւ Վենեզուէլլայի մէջ, որ ընդհանուր առմամբ հեռու է Հարաւային Ամերիկայի միւս երկիրներէն:
«Անցեալ դարու 80ական թուականներուն, Արժանթինի եւ հարաւային ամերիկեան այլ երկիրներու հայերը դուրս եկան այսպէս կոչուած «կեթոյէն» եւ սկսան համարկուիլ հանրութեան: Մենք դարձանք այն երկիրներու մասը, որոնք ապաստան տուած էին մեզի: Նոյն այդ ճանապարհով պէտք է շարունակել, եւ լաւագոյն օրինակը Ֆրանսայի հայ համայնքն է», ըսաւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը:
Խ. Տէր Ղուկասեան նշեց նաեւ, որ Յուլիս 21ին տեղի պիտի ունենայ Եւրոխորհրդարանի նմանութեամբ ստեղծուած Հարաւամերիկեան խորհրդարանի առաջին նիստը:
«Երեք պետութիւններ՝ Արժանթին, Պրազիլ եւ Ուրուկուէյ, համաձայնած են ստեղծել այդ կառոյցը, մայրաքաղաք ընտրելով Մոնթէվիտէոն: Մեր աշխատանքը կը սկսի աւելի համակարգուիլ եւ այժմ մենք կը գործենք նոյն այդ ուղղութեամբ», ըսաւ ան:
Յիշեցնենք, որ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան հանրածանօթ անուն է յատկապէս սփիւռքեան մամուլին մէջ (նաեւ «Ասպարէզ»ի մէջ)՝ իր ստորագրած վերլուծական յօդուածներով: