ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Աւստրալիա իր ճամբուն վրայ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 3ին անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Իրաքի Անպար նահանգը, ուր ան ամերիկեան օդուժի զօրանոցին մէջ հանդիպում ունեցաւ ամերիկացի եւ իրաքցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։
«Ասատ» օդուժի կեդրոնի հանդիպումներուն ներկայ էին Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարը, պաշտպանութեան նախարարը, Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանն ու ամերիկեան զինուորական ուժերու ընդհանուր հրամանատարը։ Հանդիպումներուն մասնակցեցան նաեւ Իրաքի նախագահը, վարչապետն ու բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ։
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ այն միջոցին, երբ Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերուն թիւը աւելցնելու ռազմավարութեան մասին քանի մը տեղեկագիրներ Քոնկրէսին պիտի ներկայացուին։
Միւս կոմէ, Բրիտանիոյ վարչապետ Կորտըն Պրաուն պնդեց, որ հարաւային Իրաքի Պասրա քաղաքէն բրիտանական ուժերու հեռացումը պարտութիւն նշան մը չէ։ Պրաուն յայտնեց, որ հեռացումը «նախապէս ծրագրուած ու կազմակերպուած էր» եւ բրիտանական ուժերը «վերահսկողի» դեր պիտի ստանձնեն։ Ասիկա կը նշանակէ, որ զինուորները կրնան զօրանոցէն դուրս գալ միայն իրաքեան իշխանութեանց պահանջով, սակայն պիտի շարունակեն Իրաքի ապահովական ուժերը մարզել եւ խորհրդատուի դեր կատարել։
550 բրիտանացի զինուորներ անցնող շաբաթավերջին Պասրայի իրենց խարիսխը յանձնեցին իրաքեան ուժերուն եւ միացան քաղաքէն դուրս հաստատուած խարիսխի մը մէջ գտնուող իրենց 5000 զինակիցներուն։