ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Ուաշինկթըն այցելող Բրիտանիոյ վարչապետ Թոնի Պլէրի հետ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 7ին խորհրդակցութիւններ ունենալէ ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ յայտարարեց, թէ Սուրիա եւ Իրան պէտք է կասեցնեն «ծայրայեղականներու» նեցուկ կանգնելու քաղաքականութիւնը եւ յստակ երաշխիքներ տան, թէ Իրաքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու նպատակին լրջութեամբ կը մօտենան, որպէսզի կարելի ըլլայ մէկ կողմէ Միացեալ Նահանգներու, իսկ միւս կողմէ Իրաքի դրացի այդ երկու պետութեանց միջեւ ուղղակի բանակցութիւններ սկսիլ, Իրաքի տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու նպատակով:
Նախկին պետական քարտուղար Ճէյմս Պէյքըրի եւ դեմոկրատ նախկին քոնկրէսական Լի Հէմիլթընի համանախագութեամբ գործող Իրաքի ուսումնասիրութեան խմբակը Չորեքշաբթի օր ընդգծեց, որ Իրաքի մէջ կացութիւնը ծանրակշիռ է եւ օրըստօրէ կը վատթարանայ, միաժամանակ կոչ ընելով Պուշին, որ Սուրիոյ եւ Իրանի հետ ուղղակի բանակցի:
Միւս կողմէ, Պլէր յայտնեց, թէ մօտիկ ապագային Միջին Արեւելք պիտի այցելէ, Իսրայէլ-պաղեստինեան խաղաղութեան գործընթացը վերակենդանացնելու նպատակով:
Նկարին մէջ, Պլէր եւ Պուշ: