ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ, Երեւանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան հաւատարմատար Էնթընի Կատֆրի յայտարարեց, թէ նախագահ Ճորճ Պուշի կողմէ դեսպանի պաշտօնին առաջադրուած թեկնածուն Ռիչըրտ Հոկլընտն է:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը եւ առհասարակ ամերիկահայութիւնը կ’ընդդիմանայ Հոկլընտի թեկնածութեան, որովհետեւ ան մերժած է Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութւինը:
Յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի մամլոյ պատասխանատու Եղիսաբէթ Չուլճեան «Արմէնփրէս»ին յայտարարեց. «Մենք կը պնդենք, որ Հոկլընտը Հայաստանի համար նախընտրելի թեկնածու չէ»:
Ստեղծուած կացութենէն ելքերէն մէկը այն է, որ պետական քարտուղարութիւնը յետս կոչէ Հոկլընտի անունը եւ այլ անուն մը առաջարկէ, երկրորդը՝ Հոկլընտ, անդրադառնալով ստեղծուած անելին, ի՛նք քաշէ իր թեկնածութիւնը եւ երրորդ՝ նախագահը, շրջանցելով Ծերակոյտը, կը նշանակէ Հոկլընտը այդ պաշտօնին:
Չուլճեան ըսաւ. «Եթէ պետական քարտուղարութիւնը կը պնդէ, որ Հոկլընտը պիտի ըլլայ դեսպանը, այդ պարագային պէտք է գործած է այս տարբերակը, որովհետեւ ծերակուտական Պապ Մենենտէզ Ապրիլ 24ին Քափիթոլ Հիլի մէջ կրկին յայտարարեց, թէ մինչեւ չառաջարկուի այնպիսի թեկնածու մը, որ չի մերժեր Հայկական Ցեղասպանութիւնը, ինք պիտի արգելակէ այդ թեկնածութիւնը»:
«Արմէնփրէս» կը յիշեցնէ, թէ Արմինեըն Էսէմպլին չ’ընդդիմանար Հոկլընտի թեկնածութեան, պնդելով, որ ենթական կ’արտայայտէ Ամերիկայի պաշտօնական վարքագիծը: