ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճան կատարած իր այցելութեան աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, ԵԱՀԿի Մինսքի խմբի ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզա Չորեքշաբթի, Յունուար 24ին յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու ներկայ վարչակազմը սկզբունքօրէն դէմ չէ Կարս-Ախալքալաք-Թիֆլիս-Պաքու երկաթուղագիծի կառուցման:
Պրայզա աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի որդեգրած դիրքորոշումին հետեւանքով, կառավարութեան արտօնութիւն չէ տրուած նիւթական որեւէ օժանդակութիւն ցուցաբերել այդ նախագիծի իրականացման համար: