ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ Յուլիս 12ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ օտար պետութիւններու ռազմաուսումնական հաստատութիւններու 2007ի լաւագոյն շրջանաւարտներու պարգեւատրման արարողութիւնը, որուն ներկայ էր հայկական բանակի բարձրաստիճան սպայակազմը՝ պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ:
Նախարարը, շնորհաւորելով նորաւարտ սպաները ռազմաուսումնական հաստատութիւնը բարձր առաջադիմութեամբ աւարտելու կապակցութեամբ, յաջողութիւն մաղթեց անոնց:
Ապա պաշտպանութեան նախարարը արժէքաւոր նուէրներով պարգեւատրեց հաստատութիւնը ոսկէ մետալով աւարտած 4 սպաները, իսկ գերազանց նիշերով աւարտած 38 սպաներ ստացան պատուոյ գիրեր:
Հայկական բանակի սպայակոյտի պետ, զօրավար Սէյրան Օհանեան, ողջունելով շրջանաւարտները, իր խօսքին մէջ կարեւոր համարեց ռազմաուսումնական հաստատութիւնը գերազանց արդիւնքով աւարտած սպայի մուտքը բանակ, ինչ որ իր դրական ազդեցութիւնը կ’ունենայ հայ երիտասարդի՝ որպէս խելացի, խիզախ եւ գրագէտ զինուորի դաստիարակման գործին մէջ: