ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի նախկին նախագահ Հաշէմի Ռաֆսանճանի ընտրուած է ազդեցիկ կրօնական մարմինի մը նախագահ: Մարմնին պարտականութիւնն է իր վերահսկողութեան տակ պահել Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը։ Մասնագէտներու խորհուրդը իրաւասութիւնը ունի պաշտօնազրկելու Իրանի բարձրագոյն իշխանութիւնը եղող այաթոլլա Ալի Խամանէին։ Ռաֆսանճանի կը փոխարինէ այաթոլլա Ալի Մեշքինին, որ Յուլիսին մահացած էր։
Նշանակումը առաւել եւս կ՚ամրապնդէ արդէն իսկ իրանեան քաղաքականութեան մէջ ազդեցիկ դէմք մը մնացող Ռաֆսանճանիի դիրքը:
«Գործնապաշտ պահպանողական» որակումին արժանացած Ռաֆսանճանիի այս յաղթանակը յաւելեալ հարուած մը կը նկատուի կարծր դիրքորոշումի տէր Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի։
Ըստ վերլուծաբաններու՝ ներկայիս իրանեան քաղաքականութեան մէջ Ռաֆսանճանիի եւ Ահմատինեժատի հետեւորդներուն միջեւ յստակ բաժանում մը գոյութիւն ունի, ինչպէս նաեւ քուլիսներուն ետին ընթացող իշխանութեան պայքար տեղի կ՚ունենայ։
Ընտրութենէն ետք պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ Ռաֆսանճանի 86 անդամ հաշուող խորհուրդին մէջ ստացած է 41 քուէ՝ 11 քուէով գերազանցելով իր ամէնէն լուրջ մրցակիցը՝ այաթոլլա Ահմէտ Ճաննաթին, որ կարծր դիրքորոշումի տէր պահպանողական կրօնաւոր մըն է եւ կը գլխաւորէ ազդեցիկ Պահապաններու խորհուրդը:
Այաթոլլա Մուհամմատ Թաքի Մեսպահ Եազտի, որ հակաբարեկարգչական կրօնաւոր մըն է եւ նախագահ Ահմատինեժատի հովանաւորը կը նկատուի, ընտրութեան ընթացքին գրաւեց երրորդ դիրքը։
Ռաֆսանճանի Իրանի իսլամական հանրապետութեան հիմնադիր այաթոլլա Խոմէյնիի իշխանութեան օրերուն 9 տարի խորհրդարանի նախագահի պաշտօնը վարելէ ետք 1989էն 1997 երկու նստաշրջան վարած է Իրանի նախագահի պաշտօնը։ Իբրեւ նախագահ, Ռաֆսանճանի ջանաց Արեւմուտքին եւ Ռուսիոյ հետ կապերը ջերմացնել եւ Իրանի դերակատարութիւնը վերահաստատել իբրեւ շրջանային ուժ։ Ան նաեւ ջատագովեց ազատ շուկայական տնտեսական բարեկարգումները եւ ընդդիմացաւ իսլամական քրէական խիստ օրէնքներուն։
2005ին ան դարձեալ ներկայացաւ իբրեւ նախագահութեան թեկնածու եւ հակառակ քուէարկութեան առաջին հանգրուանին քուէներու բարձրագոյն թիւը ապահովելուն, երկրորդ հանգրուանին պարտութեան մատնուեցաւ։
Նկարին մէջ, Հաշէմի Ռաֆսանճանի: