ՄԱՏՐԻՏ, «Ռոյթըրզ».- Սպանական «Ռէալ Մատրիտ» ֆութպոլի խումբի մարզական հարցերու պատասխանատու Փրետրակ Միաթովիչ յայտարարեց, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Տէյվիտ Պեքհամ պիտի հեռանայ խումբէն, որովհետեւ ան որոշած է իր պայմանագրութիւնը չերկարաձգել: Պեքհամի պայմանագրութիւնը Սպանիոյ մայրաքաղաքի կազմին հետ կ՚աւարտի այս եղանակին:
Հինգշաբթի, Յունուար 11ին, 31ամեայ Պեքհամ յայտարարեց, թէ որոշած է յառաջիկայ Յունիս 30ին միանալ Լոս Անճելըսի «Կալաքսի»ին, անոր հետ կնքելով հինգ տարուան պայմանագիր մը:
Ըստ չհաստատուած տեղեկութիւններու, ան շաբաթական մէկ միլիոն տոլար պիտի ստանայ:
2003ին անգլիական «Մանչեսթըր եունայթըտ»էն սպանական կազմին միացած Պեքհամ ոչ մէկ տիտղոսի յաջողեցաւ տիրանալ Սպանիոյ մէջ, հակառակ անոր, որ խումբը ունի բազմաթիւ աստղեր:
Նկարին մէջ, Լոս Անճելըսի ապագայ աստղը: