ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ, «Արմէնփրէս».- նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Դեկտեմբեր 5ին ընդունեց Հայաստանի մէջ Եւրոպական յանձնաժողովի պատուիրակութեան նորանշանակ ղեկավար, դեսպան Փեր Էքլունտը:
Քոչարեան շնորհաւորեց դիւանագէտը եւ ընդգծեց, որ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները, կապուած գործողութիւններու ծրագիրի հաստատման հետ, մտած են շատ կարեւոր եւ գործնական փուլ:
Նշելով, որ գործողութիւններու ծրագիրը բաւականին յաւակնոտ եւ ընդգրկուն փաստաթուղթ է, Քոչարեան ըսաւ, որ հայկական կողմը կ’ակնկալէ Եւրոյանձնաժողովի աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ աշխոյժ աշխատանք Եւրոմիութեան անդամ երկիրներուն հետ: «Մենք ծրագիրը դիտում ենք որպէս համապարփակ ու համակարգուած բարեփոխումները շարունակելու լուրջ հնարաւորութիւն եւ ձգտելու ենք հնարաւորինս լիարժէք օգտագործել այն», շեշտեց նախագահը:
Կողմերը համակարծիք էին, որ գործողութիւններու ծրագիրը լաւ հիմք կը հանդիսանայ հետագայ հինգ տարիներու ընթացքին ԵՄ-Հայաստան գործակցութիւնը աւելի սերտացնելու համար:
Նոյն օրը, Փեր Էքլունտ հանդիպումներ ունեցաւ վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանին, ԱԺ նախագահ Տիգրան Թորոսեանին եւ առեւտուրի եւ տնտեսական զարգացման նախարար Կարէն Ճշմարիտեանին հետ: