ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Նոյեմբեր 8ին ընդունեց հայ-ամերիկեան տնտեսական գործակցութեան աշխատանքային խումբի համանախագահ, Եւրոպային եւ Եւրասիոյ ցուցաբերուող Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան գրասենեակի համակարգող Թոմաս Ատամսը եւ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ փոխդեսպան Էնթընի Կատֆրին:
Հանդիպման ընթացքին նախագահ Քոչարեան գոհունակութիւն յայտնեց այն նպատակային օգնութեան համար, որ ամերիկեան կառավարութիւնը կը ցուցաբերէ Հայաստանի մէջ արդիւնաւէտ բարեփոխումներ իրականացնելու ուղղութեամբ:
Կողմերը քննեցին հայ-ամերիկեան գործակցութեան առնչուող հարցերու լայն ծիր: Անոնք երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ առանձնակի դեր վերապահեցին հայ-ամերիկեան տնտեսական գործակցութեան աշխատանքային խումբին, որուն գործունէութեան շնորհիւ, ըստ նախագահ Քոչարեանի, աշխատանքը դարձած է շատ աւելի համակարգուած, իսկ արդիւնքները՝ շատ աւելի գրաւիչ:
Զրուցակիցները խօսեցան նաեւ ընտրական գործընթացներու, ազատ եւ արդար ընտրութիւններու կազմակերպման վերաբերեալ: Նշուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանին՝ ժողովրդավարութեան ամրապնդման համար: