ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Յուլիս 12ին ընդունեց «Հազարամեակի մարտահրաւէր» կազմակերպութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն դեսպան Ճան Տանիլովիչը եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Քոչարեան կարեւոր համարեց Միացեալ Նահանգներու «Հազարամեակի մարտահրաւէր» նախաձեռնութեան եւ Հայաստանի կառավարութեան գործակցութիւնը եւ օժանդակութեան այն ծրագիրները, որոնք ուղղուած են բարեփոխումներու խորացման, Հայաստանի համար կարեւորագոյն շարք մը խնդիրներ լուծելուն:
Կառավարութեան առաջնահերթ խնդիրներէն մէկը համարելով մայրաքաղաքի եւ մարզերու զարգացման միջեւ անհամաչափութեան յաղթահարումը՝ նախագահ Քոչարեան յայտնեց, որ այս առումով ակնկալութիւնները ծրագիրէն մեծ են:
Դեսպան Տանիլովիչ եւս գոհունակութիւն յայտնեց երկկողմանի գործակցութեան մակարդակէն: Ան համառօտ կերպով ներկայացուց ՀՄԿ յառաջիկայ ծրագիրները եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին մէջ մեծամասնութիւն կազմող Դեմոկրատ կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ իր քննարկումները եւ ակնկալութիւնները՝ «Հազարամեակի մարտահրաւէր»ի ծրագիրները հետագային շարունակելու առումով:
«Հայաստանում բարեփոխումներն իրականացւում են համոզմունքով, եւ մենք երկրի զարգացման հեռանկարը տեսնում ենք արդիւնաւէտ բարեփոխումների մէջ», շեշտեց նախագահ Քոչարեան եւ աւելցուց, որ տարիներ շարունակ իշխանութիւնները աշխատած են հասարակութեան մէջ արմատաւորել այն գիտակցութիւնը, որ երկրի զարգացման միակ ճանապարհը բազմակողմանի եւ արդիւնաւէտ բարեփոխումներն են: Ըստ նախագահի՝ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները հնարաւորութիւն կու տան շարունակելու որդեգրուած այդ վարքագիծը:
Խօսելով ընտրութիւններու մասին՝ դեսպան Տանիլովիչ ըսաւ, որ անոնց արդիւնքները չափազանց կարեւոր են իրենց համար: Քոչարեան իր հերթին նշեց, որ տեղ գտած թերութիւնները եւ ընտրախախտումները մանրակրկիտ կերպով ուսումնասիրուած են, եւ որոշ ընտրատեղամասային յանձնաժողովներու անդամներ ենթարկուած են պատասխանատուութեան:
Նոյն օրը Տանիլովիչ եւ իր պատուիրակութիւնը այցելեց Արմաւիրի մարզի Գրիպոյետով համայնք, ուր «Հազարամեակի մարտահրաւէր» ծրագիրով մասնագիտացած 29 գիւղատնտեսներուն յանձնեց վկայագիրներ: Դեսպան Տանիլովիչ ծանօթացաւ նաեւ գիւղացիներու խնդիրներուն եւ այցելեց ծրագիրին մէջ ներգրաւուած ագարակ մը:
Գիւղատնտեսութեան նախարար Դաւիթ Լոքեանի խօսքերով՝ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ գործադրուած են բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնց արդիւնքը աչքառու է յատկապէս լեռնային բնակավայրերուն մէջ եւ ԱՄՆ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան աջակցութեամբ մարզերուն մէջ շուրջ 200 հաստատութիւն հիմնուած է:
Ըստ նախարար Լոքեանի՝ Հայաստանի մէջ գործադրուող «Հազարամեակի մարտահրաւէր» ծրագիրը պիտի ըլլայ ամենաօրինակելին եւ միւս 12 երկիրներու շարքին պիտի հանդիսանայ լաւագոյնը:
Երէկ, «Հազարամեակի մարտահրաւէր»ու պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ: