ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Հայաստանի հարկային պետական ծառայութեան եւ մաքսային պետական կոմիտէի այս տարուան աշխատանքային ծրագիրները քննուեցան նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին մօտ կազմակերպուած աշխատանքային խորհրդակցութեան ժամանակ, որու ընթացքին նախագահը անոնցմէ պահանջեց յաւելեալ բծախնդրութեամբ գործել ու բարձրացնել իրենց աշխատանքի որակը:
Խորհրդակացութեան մասնակցեցան վարչապետը, ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան նախարարը, ոստիկանութեան պետը, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնը, հարկային եւ մաքսային գերատեսչութիւններու ղեկավարութիւնը եւ այլ պաշտօնատարներ:
Նիստին, Քոչարեան խիստ ոճով յայտարարեց, որ տարեսկիզբին հարկային եւ մաքսային կառոյցներուն հետ արդէն աւանդական դարձած այս հանդիպումը շատ պարզ նպատակ ունի. «Առաջինը՝ ձեզ տօնական տրամադրութիւններից եւ սեղաններից բերել աշխատանքային վիճակի եւ յիշեցնել, որ այս տարուայ ամավարկը լարուած աշխատանք է ենթադրում, շատ մեծ հարկային եկամուտների աճ է նախատեսուած եւ այդ աճը հնարաւոր է ապահովել նպատակաուղղուած եւ մի քիչ էլ՝ կոշտ աշխատանքի շնորհիւ: Պէտք է հասկանալ՝ պատրա՞ստ էք դուք արդեօք վարչարարութեան կատարելագործման եւ խստացման ճանապարհով կատարել այս տարուայ առաջադրանքները»:
Ըստ նախագահին, այս տարուան իւրայատկութիւնը պիտի ըլլայ այն, որ հարկային եւ մաքսային մարմիններու աշխատանքը պիտի գնահատուի՝ առաջին հերթին այլ երկիրներուն մէջ կատարուած աշխատանքերու ցուցանիշներուն հետ համեմատելով: Հիմնական պահանջը պիտի ըլլայ այն, թէ համախառն ներքին արդիւնքի համեմատութեամբ ի՞նչ կարգի հարկային մուտքեր պիտի ապահովուին. «Գործարարների հետ հանդիպմանը ես նշեցի, որ ցուցանիշները տարէցտարի լաւանում են, բայց երբ համեմատում ենք մեր վիճակը այլ երկրների՝ Արեւելեան Եւրոպայի, Ռուսաստանի, Ուքրանիայի հետ, ապա դուք վատ էք աշխատում: Այս տարուանից գնահատելու ենք ձեր աշխատանքը հէնց այդ համեմատութեան մէջ», ընդգծեց Քոչարեան:
Անդրադառնալով նախատեսուած ընտրութիւններուն, նախագահը հարկային եւ մաքսային կառոյցներու ղեկավարութեան յիշեցուց, որ անոնք քաղաքական գործիչներ չեն, այլ պետական ծառայութեան ղեկավարներ, հետեւաբար, ընտրութիւններուն հետ որեւէ կապ պէտք չէ ունենան: «Ձեր հիմնական խնդիրը ամավարկի եկամտային մասի ապահովումն է: Այս ընթացքում աւելի լաւ պիտի աշխատէք: Ձեր նկատմամբ աւելի խստապահանջ ենք լինելու: Նախընտրական տրամադրութիւնները որեւէ ազդեցութիւն չպէտք է ունենան հարկային եւ մաքսային ծառայութիւնների աշխատանքի որակի եւ խստապահանջութեան վրայ», շեշտեց ան:
Քոչարեան նաեւ նշեց, որ նախագահի վերահսկողութեան ծառայութեան ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները ցոյց կու տան, որ հարկային եւ մաքսային կառոյցներուն մէջ չկայ բաւարար եռանդ, վիճակը կտրականապէս փոխելու համար: «Չեմ կարծում, թէ ճիշդ է անընդհատ վերահսկողութեան ծառայութեան կողմից կատարուող ուսումնասիրութիւնների շնորհիւ յիշեցնել ձեզ, որ այս կամ այն ոլորտում ունենք մեծ ծաւալի ստուերային տնտեսութիւն եւ ձեր պարտքն է դրա դէմ պայքարել: Ես ծառայութիւնների ներսում բաւարար չափի եռանդ դեռ չեմ տեսնում ստուերային տնտեսութեան դէմ պայքարի առումով: Կայ բարելաւում, բայց այն բաւարար համարել այսօրուայ իրավիճակում՝ մենք չենք կարող: Այս տարի աւելի մեծ պահանջ է լինելու իմ եւ կառավարութեան կողմից ձեր աշխատանքների որակի նկատմամբ», ընդգծեց նախագահը:
Ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան նախարար Վարդան Խաչատրեան ներկայացուց 2007ի ընթացքին նախատեսուող բարեփոխումները: Ըստ նախարարին, հարկային եւ մաքսային վարչարարութեան բարեփոխման գործին մէջ թիրախ պիտի ըլլայ ստուերային տնտեսութեան դէմ պայքարը, կը նախատեսուին նաեւ տնտեսական հաստատութիւններուն հետ շփումները սահմանափակելու, հարկային-մաքսային միասնական տեղեկատուութեան համակարգ ստեղծելու ուղղութեամբ աշխատանքներ:
Նախագահի վերահսկութեան ծառայութեան ղեկավար Վահրամ Բարսեղեան ներկայացուց իրենց ուսումնասիրութիւնները եւ յայտնաբերուած թերութիւնները:
Հարկային պետական ծառայութեան պետ Ֆելիքս Ցոլակեան եւ մաքսային պետական կոմիտէի նախագահ Արմէն Աւետիսեան զեկուցեցին 2007ի ընթացքին իրենց գերատեսչութիւններուն կողմէ նախատեսուած աշխատանքի ծրագիրներուն մասին: Անոնք անդրադարձան նաեւ մատնանշուած թերութիւններուն եւ զանոնք սրբագրելու համար կատարուած աշխատանքներուն:
Ամփոփելով հանդիպումը, նախագահը հարկային եւ մաքսային մարմիններէն պահանջեց աշխատանքի որակական փոփոխութիւն եւ նշեց, որ անոնց գործունէութիւնը եւ առաջադրուած խնդիրներու լուծումը պիտի շարունակէ մնալ իր ուշադրութեան առարկան: Ան ընդգծեց նաեւ, որ պետութիւնը այս տարի մեծ բեռ վերցուցած է ընկերային հարցերու լուծման առումով եւ պէտք է կարողանայ զայն պատուով կատարել: