ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Քոչարեանի հրաւէրով Հոկտեմբեր 4-5ին պաշտօնական այցով Հայաստան պիտի ժամանէ Ռումանիոյ նախագահ Թրայեան Պասեսքին:
Այցի հիմնական նպատակն է ամրապնդել միջպետական կապերը, նախանշել երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական գործակցութեան առաջնային խնդիրները եւ ուղղութիւնները, խթանել գիտակրթական եւ մշակութային կապերու զարգացումը:
Հոկտեմբեր 4ին նախագահի նստավայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ռումանիոյ նախագահի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն պիտի յաջորդէ նախագահներ Քոչարեանի եւ Պասեսքուի առանձնազրոյցը: Այնուհետեւ պաշտօնական պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը, որմէ յետոյ երկու երկիրներու կառավարութիւններու միջեւ պիտի ստորագրուին համատեղ փաստաթուղթեր:
Պասեսքի պիտի այցելէ նաեւ Մեծ Եղեռնի յուշահամալիր:
Հոկտեմբեր 5ին Ռումանիոյ նախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ վարչապետ Մարգարեանին եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ: