Ռուսիոյ փոխվարչապետ Վիքթորիա Ապրամչենքօ ըսաւ, որ Ռուսիա առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ ռուբլիի վճարումով հացահատիկ մատակարարած է: Ըստ անոր՝ ասիկա առաջին փորձն էր, որ բարեյաջող եղաւ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Կազեթա» կայքը:
Ռուսիոյ փոխվարչապետը բացատրեց, որ Ռուսիա այժմ սննդամթերք կ՛արտածէ դէպի աշխարհի 150 երկիրներ, հիմնականին մէջ՝ բարեկամ երկիրներ: 2022ին Ռուսիայէն այդ երկիրները արտածուած են 21 միլիոն թոն պարենամթերք եւ 14.5 միլիոն թոն պարարտանիւթ:
«Մենք կը յաղթահարենք հակառուսական պատժամիջոցներու պատճառով յառաջացած դժուարութիւնները», վստահեցուց Ապրամչենքօ: