ԹԻՖԼԻՍ, «Էյ.Փի.».- Հինգշաբթի օր Ռուսիոյ բանակի հրամանատարը ամբաստանեց Վրաստանը, որ շինծու լուրեր կը տարածէ հրթիռային միջադէպին մասին, որ տեղի ունեցած էր երկու օր առաջ:
Վրաստան կը պնդէր, թէ իր ռատարները «տեսած» են ռուսական օդանաւերու մուտքը վրացական օդային սահմաններէն ներս:
Զօրավար Եուրի Պալուեւսքի՝ ռուսական բանակի սպայակոյտի պետը, յայտարարեց, թէ Վրաստան ինք բեմադրած է միջադէպը՝ լարուածութիւն յառաջացնելու համար: «Համոզուած եմ, որ այդ մէկը Վրաստանի կողմէ գրգռութիւն մըն էր… գրգռութիւն ռուս խաղաղապահներուն եւ Ռուսիոյ դէմ», ըսաւ Պալուեւսքի՝ Չինաստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին:
Թիֆլիսի մէջ, Վրաստանի պաշտպանութեան փոխնախարար Լեւան Նիքոլաիշւիլի «անհեթեթ» որակեց ռուս հրամանատարին յայտարարութիւնը:
Հետաքրքրական է սակայն, որ Չորեքշաբթի օր Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տուաւ հետեւեալ մանրամասնութիւնները, թէ ռուսական ՍՈՒ-24 ռմբակոծիչ մը մտած է Վրաստանի օդային սահմաններէն ներս եւ, ըստ բացուած քննութիւններուն, արձակուած հրթիռը ռատարի կայաններ հարուածելու համար շինուած է: Վրաստանի պաշտպանութեան այլ փոխնախարար մը, գնդապետ Զուրապ Փոչքուա, Հինգշաբթի երեկոյեան վրացական «Ռուսթաւի 2» հեռատեսիլէն ըսաւ, թէ երբ իրենք նշմարած են, որ օդանաւը հրթիռը արձակած է, անմիջապէս մարած են ռատարը:
Դէտեր զարմանալի կը գտնեն, թէ վրացական կողմը ինչպէ՞ս գիտցած է, որ արձակուած հրթիռը հակառատար է :