Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 16 Մարտին արձագանգեց Հայաստանի վարչապետին՝ Ռուսիոյ կողմէ Արցախի մէջ պարտաւորութիւններու կատարման մատնանշումին՝ հաստատելով, որ Ռուսիոյ բոլոր պարտաւորութիւնները յստակօրէն ձեւակերպուած են 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան մէջ:
Փաշինեան օրեր առաջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած էր, թէ Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդին տուած որոշումով արձանագրուած է, որ Ղարաբաղի ապահովութեան երաշխաւորը Ռուսիան է, եւ որ պատերազմէն ետք Հայաստան չի կրնար ըլլալ Արցախի ապահովութեան լիարժէք երաշխաւոր:
«Այս պարագային ոչինչ պէտք է յօրինել, պէտք է պարզապէս բանալ այդ փաստաթուղթը եւ տեսնել՝ ինչ պարտականութիւններ ունի մեր երկիրը, ինչ՝ ո՛չ, եւ վերջ: Ու ամէն ինչ շատ պարզ կը դառնայ: Ռուս խաղաղապահները կ՛ընեն իրենցմէ կախեալ ամէն ինչ, որպէսզի մագլցում թոյլ չտան եւ կայունացնեն իրավիճակը տեղւոյն վրայ. այդ մէկը կը կատարեն իրենց պատասխանատուութեան գօտիին մէջ, անշուշտ, այս հարցին մէջ շատ բան կախեալ է ներգրաւուած բոլոր կողմերու գործողութիւններէն եւ յայտարարութիւններէն», յայտնեց Զախարովա:
Ռուս դիւանագէտը նաեւ ընդգծեց, որ Հայաստանի ղեկավարութեան յայտարարութիւնները պաշտօնական Մոսկուա կը դիտարկէ իբրեւ »Հոկտեմբերին Եւրոպական Միութեան հովանիին տակ կայացած Փրակի գագաթնաժողովին ընթացքին որդեգրուած գիծի շարունակութիւն. «Այդ պատճառով ալ Հայաստանի ղեկավարութեան խիղճին կը ձգենք Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագիրը երրորդ կողմի վրայ բարդելու փորձերը», շեշտեց Զախարովա: