ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ մէջ հայերու սպանութիւններու առնչութեամբ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնապէս պիտի դիմէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան՝ հարցին արդարացի լուծում գտնելու նպատակով:
Այս մասին նշեց վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան երէկ Ազգային ժողովին մէջ՝ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն:
«Մեր իրաւապահ մարմինները չեն կարող Ռուսաստանում հետաքննութիւն իրականացնել եւ պատճառները բացայայտել», ըսաւ Ա. Մարգարեան:
Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 11ին, Մոսկուայի մէջ երկաթուղային «Իվանթէեւքա» կայարանին մօտ, դաժանօրէն սպանուած էր հայ մը եւս՝ 15 տարեկան Նարեկ Քոչարեան:
Երեւանի մէջ, գրողներ եւ մտաւորականներ եւս իրենց խոր մտահոգութիւնը յայտնեցին Ռուսիոյ մէջ հայերու նկատմամբ այս վայրագութեան դէպքերուն կապակցութեամբ: