Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեան կանչուեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր «խիստ տեսակէտ դրսեւորեցին Երեւանի ոչ-բարեկամական արարքներուն համար»։ Այս մասին յղում կատարելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան՝ յայտնեց «Թասս» լրատուական գործակալութիւնը:
Հայաստանի դեսպանին բողոքագիր փոխանցեցին՝ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովային հասցէագրուած յայտարարութիւններուն առիթով:
Յիշեցնենք, որ Սիմոնեան ըսած էր, որ Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութիւնը շատ հաւանաբար խորհրդարանը պիտի վաւերացնէ: «Ամենայն հաւանականութեամբ Հռոմի ստատուտը կը վաւերացուի: Փաստաթուղթը գտնւում է քննարկման փուլում: Կը քննարկենք, կը հասկանանք` ինչ օգուտներ կան, իսկ դրանք շատ են, քանի որ մեր երկրի դէմ ռազմական յանցագործութիւններ են կատարուել ու կատարւում են: Մեզ, մեր երկրին դա (վաւերացումը) պէտք է», ըսած էր Սիմոնեան։
Բացի այդ, Հայաստանի դեսպանին փոխանցուեցաւ ռուսական կողմին մտահոգութիւնը՝ 7 Սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ պլակըր Միկա Բադալեանի եւ «Սփութնիկ Արմէնիա» ձայնասփիւռի կայանի սիւնակագիր Աշոտ Գէորգեանի ձերբակալութեան գծով:
«Ռուսիան պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ բոլոր համաձայնութիւնները գործադրուին: Մոսկուա կը մեկնի այն հանգամանքէն, որ Ռուսիա եւ Հայաստան կը մնան դաշնակիցներ, եւ յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերող բոլոր պայմանաւորուածութիւնները պիտի իրականացուին ի շահ ժողովուրդներուն», յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ռուսական կողմը նաեւ յայտնեց, որ «պիտի շարունակէ գործադրել բոլոր անհրաժեշտ ջանքերը` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման նպաստելու համար»: