
Ռուս խաղաղապահները դարձեալ զինադադարի դրութեան խախտում արձանագրեցին Մարտունիի շրջանին մէջ: Ըստ «Ազատութեան»՝ այս մասին հաղորդուեցաւ ռուսական ռազմական գերատեսչութեան 16 Մարտի տեղեկագիրին մէջ:
Կ՛ըսուի, թէ տուժածներ չկան, եւ որ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերուն հետ հետաքննութիւն կը կատարէ:
Հակառակ անոր որ ռուս խաղաղապահները չեն նշեր, թէ ո՛ր կողմը խախտեց զինադադարը, սակայն Արցախի տեղեկատուական շտապը աւելի կանուխ փոխանցեց, թէ 15 Մարտին երկրագործական աշխատանքներ կատարող մարտուցիցի երեք քաղաքացիներու ուղղութեամբ կրակ բացած են Ատրպէյճանի մարտական դիրքերէն:
Կրակոցներուն պատճառով գիւղատնտեսական աշխատանքները դադրեցան:
Մարտունիի մէջ զինադադարի խախտման մասին խաղաղապահները հաղորդեցին նաեւ 14 Մարտին, սակայն դարձեալ չնշեցին, թէ ո՛ր կողմը կրակեց: