ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին առջեւ իր արտասանած խօսքին ընթացքին, Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշւիլի Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28ին դարձեալ Ռուսիան ամբաստանեց՝ վրացական հողերու վրայ «ահաբեկչական» առաքելութիւններ ղեկավարելու յանցանքով: Ան յայտնեց, որ ի յայտ եկած է, թէ վրացական ուժերուն կողմէ Աբխազիոյ շրջանին մէջ անցեալ շաբաթ սպաննուած երկու ռուսերը սպաներ էին։
ՄԱԿի մօտ Ռուսիոյ պատուիրակ Վիթալի Չուրքին հակադարձեց, թէ խնդրոյ առարկայ անձերը ահաբեկիչներու դէմ պայքարի մարզիչներ էին: «Դժբախտաբար այս մէկը մեզի համար վրացական իշխանութեան կողմէ մեր դէմ առնուած քայլերուն մէկ այլ օրինակն է: Անոնք ամէն ինչ կ՚ընեն լարուածութիւնը վատթարացնելու նպատակով», ըսաւ Չուրքին։
Թիֆլիս Ռուսիան կ՚ամբաստանէ Վրաստանը ապակայունացնելու եւ Աբխազիոյ անկախութեան ձգտումին զօրակցելու յանցանքներով։
Սահակաշւիլի Չորեքշաբթի օր յայտնեց. «ՊԷտք է հարց տալ, թէ ռուսական բանակէն սպայ մը ի՞նչ կ՚ընէր վրացական անտառներու մէջ՝ ահաբեկումի առաքելութեան համար զինուած ըմբոստներ կազմակերպելով եւ ղեկավարելով։ Կ՚ուզեմ մեր ռուս բարեկամներուն հարցնել՝ Ռուսիոյ մէջ բաւարար տարածքներ չկա՞ն։ Ռուսիոյ մէջ բաւարար անտառներ չկա՞ն, որ ռուս սպաներ վրացական հողերու, վրացական անտառներու մէջ կը մահանան»։
Չուրքին Վրաստանի նախագահին խօսքէն անմիջապէս ետք լրագրողներուն յայտնեց, թէ այդ անձերը՝ «հակաահաբեկչական մարզումի կեդրոնի մը մարզիչները», սպաննուած են մօտիկ հեռաւորութեան վրայ, դանակի հարուածով եւ գլուխէն փամփուշտ ստանալով։
Միւս կողմէ, Չորեքշաբթի օր հարաւային Օսէթիոյ Ցխինվալի շրջանին մէջ բուռն հրացանաձգութիւն տեղի ունեցած է։ Վրացական ուժեր կը յայտնեն, որ անոնք կը հակադարձէին հարաւային Օսէթիայէն անջատողականներու յարձակումի մը։ Բայց եւ այնպէս, հարաւային Օսէթիոյ բանբեր մը յայտնեց, որ վրացական ուժերը նախայարձակ եղած են։ Կը հաղորդուի, որ երկու անձեր վիրաւորուած են։