ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու համակարգին մէջ գործադրուող բարեփոխումներու ընթացքը եւ հետագայ քայլերը քննուեցան նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ պետական բուհերու տնօրէններու Յունուար 16ի հանդիպումին ընթացքին:
Մասնակիցները քննեցին «Պոլոնիոյ գործընթաց»ին միանալու, կրթական երկաստիճան համակարգերու ներդրման ընթացքին ի յայտ եկած խնդիրներու եւ անոնց լուծման ուղիներուն մասին կարգ մը հարցեր:
Քոչարեան յայտնեց, որ կարճ ժամկէտի ընթացքին պէտք է վերջնականապէս յստակացնել այս բարեկարգումներուն կապուած հարցերը եւ գտնել անոնց լուծումները, որպէսզի հասարակութեան, յատկապէս ուսանողներուն եւ ապագայ դիմորդներուն պարզ ըլլան նոր համակարգի հնարաւորութիւնները եւ պայմանները:
Քոչարեան հետաքրքրուեցաւ նաեւ ուսուցման նոր արհեստագիտութիւններու կիրառման, բուհական մասնագիտութիւններու մասին արդիական գրականութեան խնդիրներով: Ան ըսաւ, որ տնօրէններէն կ’ակնկալուի նպատակաուղղուած աշխատանք՝ բուհական բարեփոխումները առանց ժամանակի կորուստի եւ վրիպումներու կատարելու համար: