ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Հոկտեմբեր 31ի ուշ երեկոյեան հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ առաջին փոխվարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւին հետ, որ նաեւ Ռուսիոյ կողմէ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի տարուան միջոցառումներու համակարգողն է:
Հանդիպման ընթացքին քննուեցաւ Հայաստանի տարուան ընթացքը, նշուեցաւ, որ ան պիտի ընթանայ յաջողութեամբ՝ ըստ նախանշուած ծրագիրի:
Քոչարեան եւ Մետվետեւ վստահութիւն յայտնեցին, որ նոյնքան կազմակերպուած եւ յաջող ընթացք կ’ունենան Դեկտեմբերին Մոսկուայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ նախատեսուած տարին եզրափակող ձեռնարկները՝ Մոսկուայի լուսանկարչական ցուցահանդէսը, գործարար համաժողովը, ինչպէս նաեւ տարուան փակման պաշտօնական հանդիսութիւնը: