ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Մշակոյթի բնագաւառին մէջ տիրող իրավիճակը եւ զայն բարելաւելու ուղղութեամբ քայլերը Յունուար 12ին քննուեցան նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի աշխատանքային հանդիպման ընթացքին:
Քննուեցան նաեւ մշակոյթի զարգացման ռազմավարութեան 2008-2013 ծրագիրին վերաբերող հարցեր եւ այս բնագաւառին առնչուող օրէնքներու կատարելագործման ու օրէնսդրական նոր նախագիծերը:
Նախագահ Քոչարեան կարեւոր համարեց մշակութային յստակ քաղաքականութիւն ունենալը, զայն համարելով միասնական մշակութային դաշտ ստեղծելու գրաւական: