ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Հոկտեմբեր 27ին իր հերթական հանդիպումը ունեցաւ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներուն հետ:
Քոչարեան ողջունեց եւրոպական նոր հարեւանութեան քաղաքականութեան ծիրէն ներս Գործողութիւններու ծրագիրի շուրջ խորհրդակցութիւններու աւարտը, եւ յոյս յայտնեց, որ Նոյեմբերին ան վերջնականապէս կ’ընդունուի եւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները կը դառնան շատ աւելի համակարգուած: Հայկական կողմի առաջարկներու ընդգրկուն թղթածրարը կը վկայէ, որ մենք տրամադրուած ենք լուրջ աշխատանքի եւ կ’ակնկալենք համատեղ արդիւնաւէտ գործունէութիւն, նշեց Քոչարեան:
Դիւանագէտներու խնդրանքով, նախագահը պարզաբանումներ տուաւ Արցախի հարցի ներկայ զարգացումներուն, ռուս-վրացական լարուածութեան եւ տարածաշրջանային այլ խնդիրներու վերաբերեալ:
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն եւ յատուկ շեշտուեցաւ, որ անոնք ըլլան ազատ եւ արդար: Քոչարեան յայտնեց, որ ընտրական գործընթացներու դիտարկման նպատակով պիտի հրաւիրուի թէ՛ երկարաժամկէտ, եւ թէ կարճաժամկէտ միջազգային դիտորդական առաքելութիւն:
Աւելցնենք, որ նոյն օրը նախագահ Քոչարեանին իր հաւատարմագիրները յանձնեց Հայաստանի մէջ Շուէտի նորանշանակ դեսպան Հանս Կունար Ատէն (նստավայրը՝ Սթոքհոլմ):