ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Երկիր Միտիա».- Երէկ, տեղական ժամանակով ժամը 17ի մօտերը, Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշւիլի, մէկամսեայ սպասումներէ յետոյ, վերջապէս այցելեց Չաւախք՝ Ախալքալաքի եւ Նինոծմինդայի շրջաններու նորակառոյց մարզահամալիրներու բացման արարողութեան մասնակցելու համար:
Կարճատեւ այցը եղաւ շատ անակնկալ, իսկ շրջանի բնակչութիւնը անտեղեակ պահուեցաւ այցելութենէն:
Մարզահամալիրներու բացման արարողութիւններուն մասնակցեցան միայն յատուկ անցագիր ունեցող պաշտօնեաներ: Սահակաշւիլիի այցի ընթացքին փակուեցան բոլոր հիմնական ճամբաները եւ կտրուեցաւ հեռաձայնային կապը: