ԳԱՒԱՌ, «Արմէնփրէս».- Գեղարքունիքի մարզպետ Արսէն Գրիգորեան Յունուար 18ին ընդունեց Սամցխէ-Չաւախքի մարզպետի առաջին տեղակալ Սամուէլ Հովէեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Սամցխէ-Չաւախքի պատուիրակութիւնը Գեղարքունիք ժամանած էր Գեղարքունիքի մարզի տարածքային զարգացման ծրագիրին ծանօթանալու նպատակով, որուն մասին հանգամանալից պարզաբանումներ տուաւ մարզպետի տեղակալ, ծրագիրի համակարգող Արտուշ Ղուկասեան:
Հանդիպումէն յետոյ Սամցխէ-Չաւախքի պատուիրակութեան ղեկավար Սամուէլ Հովէեան յայտնեց, որ Մեծն Բրիտանիոյ միջազգային զարգացման գործակալութիւնը տարածքային զարգացման ծրագիր պիտի սկսի նաեւ Սամցխէ-Չաւախքի մէջ, ուստի իրենց համար կարեւոր է Գեղարքունիքի մարզին մէջ 2003էն ի վեր կուտակուած փորձին եւ ընդհանուր աշխատանքներուն հետ ծանօթանալը: