ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Բրիտանական «Սանտէյ թայմզ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ուաշինկթընի եւ Թէլ Աւիւի մէջ «լաւատեղեակ աղբիւրներէ», Կիրակի, Սեպտեմբեր 23ի թիւով գրած է, թէ նախքան իսրայէլեան օդանաւերու կողմէ Սուրիոյ մէջ զինուորական դիրք մը ռմբակոծելը, իսրայէլեան մասնայատուկ ուժեր այդ դիրքին վրայ յարձակում գործելով գրաւած են հիւլէական նիւթեր։
Այդ աղբիւրները կը նշեն, թէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները իրենց հաւանութիւնը տուած են այդ յարձակումին, երբ Ուաշինկթըն տեղեկացած է, թէ այդ նիւթերը հիւլէական են։ Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ սուրիական վայրէն գրաւուած նիւթերու քննութիւնը ի յայտ բերած է, թէ անոր աղբիւրը Հիւսիսային Քորէան է, ինչ որ այն մտավախութիւնը յառաջացուցած է, թէ Սուրիա կրնայ հիւլէական զէնք ձեռք ձգելու իր ջանքին մէջ միացած ըլլալ Իրանի եւ Հիւսիսային Քորէայի։
Օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները իսրայէլեան աղբիւրներէ քաղելով՝ յայտնեց, որ իսրայէլեան մասնայատուկ ուժերը ամիսներ շարունակ Սուրիոյ մէջ տեղեկութիւններ հաւաքած են, մինչեւ որ յաջողած են հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Տէր Զօրի մօտ գտնուող թիրախին վայրը ճշդել։
Ամերիկացի պաշտօնատար մը օրաթերթին ըսած է, որ ամերիկեան վարչակազմը թիրախին հիւլէական գործունէութեան հետ կապ ունենալուն մասին փաստեր պահանջած է, նախքան յարձակումին հաւանութիւն տալը։
Հիւսիսային Քորէայի եւ Չինաստանի մէջ դիւանագէտներ «Սանտէյ թայմզ»ի յայտնած են, որ կը կարծեն, թէ յարձակումին պատճառով շարք մը հիւսիսային քորէացիներ սպաննուած են, անոնք այդ կարծիքը կը վերագրեն չինացի եւ հիւսիսային քորէացի պատասխանատուներու միջեւ խօսակցութեանց մասին ասիական կառավարութեանց հասած տեղեկագիրներու։
Բրիտանական օրաթերթը կ՚եզրակացնէ՝ ըսելով, թէ սուրիացի պաշտօնատարներ անցեալ շաբաթ այցելած են Հիւսիսային Քորէայի մայրաքաղաք Փիոնկեանկ, ինչ որ մտածել կու տայ, թէ երկու երկիրները այդ դէպքին գծով իրենց պատասխանին շուրջ համակարգում կը կատարեն։