«Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական» ազգային վարժարանի 2007-2008 դպրոցական տարեշրջանի բացումը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 30 Օգոստոս 2007ին, 116 աշակերտներով: Աշակերտներու կողքին ներկայ էին ծնողներ ու դպրոցին տնտեսական ու խնամակալ մարմնի անդամներ եւ համակիրներ: Հանդիսութիւնը վարեց ուսուցչուհիներէն Սիրան Նահապետեան. հանդիսութիւնը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, որուն հետեւեցան ամերիկեան ու «ԳԶՎ»ի օրհներգները:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Աւետիս քհնյ. Թորոսեան ջերմ խօսքերով ողջունեց ներկաները, իսկ իր խօսքը ուղղելով աշակերտութեան, մասնաւորաբար թելադրեց անոնց ըլլալ ջանադիր, հայ դպրոցի սուրբ յարկին տակ բարին խորհիլ, բարին խօսիլ ու գործել, այդ կը պահանջէ մեզմէ հայեցի դաստիարակութիւնը: Ապա յաջորդաբար խօսք առին Սարգիս քհնյ. Փեթոյեան եւ վեր. Ներսէս Պալապանեան:
Դպրոցի տնտեսական եւ խնամակալ մարմիններու կողմէ խօսք առաւ Խաժակ Սարգիսեան: Ան իր խօսքը մասնաւորաբար ուղղելով աշակերտութեան ըսաւ. «Ես կ’ուզեմ փոխանցել ձեզի կրթական ու տնտեսական յանձնախումբերու բարեմաղթութիւնները այս վերամուտի առիթով, այսօր մեր ամենագեղեցիկ օրերէն մէկն է, դպրոցական տարեշրջանի առաջին օրը. այս առիթով կ’ուզենք նաեւ ձեզի վստահեցնել, որ անցնող քանի մը ամիսներու ընթացքին տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, խնամակալ ու տնտեսական մարմինները հետեւողական աշխատանքով պատրաստեցին ամէն ինչ, որ պէտք էր ձեզի՝ այս տարին իմաստալից դպրոցական տարի մը դարձնելու համար: Առիթը ձերն է հիմա, օգտագործեցէք այս առիթը՝ ըլլալու պարկեշտ ու տիպար աշակերտներ»:
Վարժարանի տնօրէն դոկտ. Եփրեմ Մեհրանեան տուաւ օրուան պատգամը, եւ խօսքը ուղղելով աշակերտութեան ու ծնողներուն ըսաւ. «Մեր ազգային վարժարանի տնօրէնութեան ու ուսուցչական կազմի կողմից շնորհաւորում եմ 2007-2008 դպրոցական տարեշրջանի վերամուտը, ցանկանալով ձեզ ու ձեր զաւակներին, մեր անգին աշակերտութեանը, հայութեան ապագայ զաւակներին նախ առողջութիւն եւ ապա իմաստութիւն ու երջանկութիւն: Չերմօրէն բարի գալուստ եմ ցանկանում բոլորիդ եւ մեր յարատեւ համագործակցութեան կոչը դէպի ձեզ ուղղում: Ձեր դպրոցի տնօրէնը եւ ուսուցիչները հաւաքուած են այստեղ ձեզ օգնելու, օժանդակելու, որպէսզի դուք մեծանաք ու զարգանաք՝ դէպի ձեր ապագայ կեանքի հայկական եւ ամերիկեան իրականութիւնները»:
Աշակերտները իրենց ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ ուղղուեցան դէպի «Սարոյեան» սրահ, ուր տէր հայրը բացատրական քանի մը խօսքերով թարմացուց աշակերտներուն մտքերը դասարանները ուղղուելէ առաջ, որպէսզի անոնք յարգանքով մօտենան Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին: Ապա ստանալէ ետք Ս. Հաղորդութիւնը, աշակերտները ունեցան վերամուտի առաջին նախաճաշը ծնողներու ու ուսուցիչներուն հետ, որմէ ետք ուղղուեցան դէպի դասարանները՝ սկսելու իրենց դպրոցական աշխատանքներուն: